
Հայաստանը Կայուն Աճ եւ Դրական Բարեփոխումներ Ապահոված է. ՎԶԵԴ-ը Հրապարակած է Նոր Զեկոյց
Կաշառակերութեան դէմ պայքարը եւ տնտեսական ոլորտէն ներս հաւասար պայմաններու ապահովումը Հայաստանի ապագայ զարգացման կարեւորագոյն նախապայմաններն են: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը տեղեկացնէ, թէ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նոր զեկոյցին համաձայն, 2019-ին Հայաստանը յաջողած է պահպանել ՀՆԱ-ի կայուն աճ՝ հակառակ անոր, որ հանքաարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ եղած է որոշակի անկում: Տարուան ընթացքին՝ Հայաստանի ՀՆԱ-ն Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տուեալներով աճած է 6 տոկոսով:
Հանքաարդիւնաբերութեան անկումը յառաջացուցած է նաեւ արտահանման աճի որոշակի դանդաղում: Միեւնոյն ժամանակ, արտերկրէն դէպի Հայաստան ներմուծումը աճած է 16 տոկոսով: Հակառակ ատոր, 2019-ին Հայաստանի դրամի փոխարժէքը մնացած է կայուն, իսկ սղաճը նուազած է 2.5-1.7 տոկոս: Յատկանշական է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յաջողած է այս ժամանակահատուածին նաեւ բարելաւել գանձային (fiscal) իրավիճակը՝ նուազեցնելով հանրային պարտքի չափը ՀՆԱ-ի նկատմամբ շուրջ 60-էն մինչեւ 55.7 տոկոսի:
Զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է ոչ ինքնին բարձր տնտեսական աճը՝ այլ անոր արտացոլումը քաղաքացիներու իրական կեանքի որակի բարելաւման վրայ: Յատկապէս եւրոպական կողմը կարեւոր կը համարէ Հայաստանի մէջ իրականացուող հարկային բարեփոխումները եւ այդ ոլորտի թափանցիկութեան բարձրացումը: Պետական կառավարման ոլորտի բարելաւումը, կառուցուածքային փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր ճարտարագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու ոլորտներու խթանումը միտուած են ապահովելու Հայաստանի մէջ կայուն աճ, նշուած է Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան զեկոյցին մէջ:
Զեկոյցի նախաբանին մէջ դրամատան գլխաւոր տնտեսագէտ Պէադա Եաւորսիք կը նշէ, թէ կառավարման որակի բարելաւումը կրնայ լուրջ դրական ազդեցութիւն ունենալ երկրի ընդհանուր տնտեսական զարգացման վրայ՝ որոշիչ գործօն հանդիսանալով երկրի ընդհանուր յառաջընթացին համար: Այս կապակցութեամբ, զարգացող երկիրները կրնան լրջօրէն բարելաւել դիրքերը կառավարման որակի բարելաւման պարագային: