Լիբանանի Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը Առկախուեցաւ. Ցուցարարները Փակեցին Խորհրդարան Տանող Բոլոր Մուտքերը

Աշխարհ

Լիբանանի մէջ, ժողովրդային շարժումը եռօրեայ սառած իրականութենէն ետք երէկ առաւօտեան կատարեալ աշխուժութեամբ վերադարձաւ փողոց եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ փակեց խորհրդարան տանող բոլոր մուտքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Մեծաթիւ ցուցարարները փակեցին խորհրդարան տանող բոլոր ճամբաները` նպատակ ունենալով արգելակել գումարումը խորհրդարանի զոյգ նիստերուն, որոնցմէ  առաջինին ընթացքին պիտի ընտրուէին խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները, իսկ երկրորդը օրէնսդրական էր` վաւերացնելու համար այնպիսի օրինագիծեր, որոնք պիտի վերածուէին ժողովրդային շարժումի պահանջները գոհացնող օրէնքներու:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը պիտի չմասնակցի խորհրդարանի զոյգ նիստերուն:

Նշենք, որ օր մը առաջ կարգ մը քաղաքական ուժեր, պլոքներ եւ անձնաւորութիւններ արդէն իսկ հաստատած էին խորհրդարանի նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումը:

Խորհրդարանի գումարելիք նիստէն շուրջ ժամ մը ետք, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած արտակարգ պայմանները եւ համաձայն խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին ու հիմնուելով օրէնսդրական ելքի վրայ, խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը պիտի շարունակեն գործել նոյն անդամներով եւ նոյն ձեւով»:

Տահեր աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը եւս առկախուած է:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցներու ընթացքին յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապը շրջանցելու նախաքայլը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելն է:

Պըրրիի պատկերացումով` կառավարութիւնը պէտք է բաղկանայ մեծաւ մասամբ մասնագէտներէ, որոնց պէտք է միանան սահմանափակ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ:

Ըստ Պըրրիի, նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս սկսի բարեկարգումներ գործադրել, ինչպէս նաեւ անսալ ժողովրդային շարժումի պահանջներուն` «նկատի ունենալով, որ անոնք բոլոր լիբանանցիներուն պահանջներն են եւ որդեգրուած մեր կողմէ»,- ըսաւ ան: