
Թուրքիան Կիսով Չափ Կը կրճատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դէմ Պայքարի Համար Յատկացուող Գումարը
Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ ամավարկի յանձնաժողովին մէջ երէկ հաստատուած պիտճէին մէջ Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան գծով աշխատանքներու գլխաւոր վարչութեան 2019 թուականին 11.2 միլիոնի փոխարէն 2020-ին համար հատկացուած է 5.9 միլիոն լիրա, ըստ Yerkir.am-ի` կը յայտնէ Cumhuriyet.com.tr կայքը:
Cumhuriyet-ի լրագրող Հուսէյն Հայաթսեւեր կը նշէ, որ Թուրքիա կը կրճատէ «Ցեղասպանութեան թեզերու» դէմ պայքարը այն պարագային, երբ շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու մէջ` ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր կ՛ընդունուին:
Ըստ թուրք լրագրողին` Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի ամավարկի առաջարկին մէջ նշուած է նաեւ, որ պիտի զարգացնեն Թուրքիոյ դէմ քարոզչութեան հակազդելու աշխատանքները` ակադեմիական, քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային եւ իրաւական ոլորտներու մէջ:
Ի դէպ, վերոնշեալ վարչութիւնը նաեւ կ՛իրականացնէ միջազգային հանրութեան մէջ Ֆեթուլլահ Կիւլենի վերաբերեալ հակաքարոզչութիւնը: