
Գիտնականները Նոր Աշխատութեամբ Խօսեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Կորուստներուն Եւ Հետեւանքներուն Մասին
«Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Հայ Ժողովրդի Կորուստների Եւ Հատուցման Կառուցակարգերի Մեթոդաբանական Հիմքերը» հաւաքական մենագրութեամբ խումբ մը գիտնականներ, ըստ Armenpress.am-ի, փորձած են ուրուագծել, յստակացնել այն նիւթական եւ հոգեւոր վնասը, զոր հայերը կրած են Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք:
Այս գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 19 Նոյեմբերին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ:
«Այս աշխատութեան մէջ առանձնացուցած ենք հայ ժողովուրդին հասցուած կորուստներու եւ անոնցմէ բխող հետեւանքներու հինգ հիմնական խումբ: Առաջինը՝ հայրենազրկումն է, երկրորդը՝ մարդկային կորուստներն են եւ մեր հայրենիքին մէջ ժողովրդագրական պատկերի ի սպառ փոփոխութիւնը զանգուածային կոտորածներու ճանապարհով, երրորդը՝ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու իւրացումն է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, չորրորդը՝ նիւթական վնասներն են եւ անոնցմէ բխող հետեւանքները, իսկ հինգերորդը այն հոգեբանական բարդոյթներն են, որոնք յառաջացած են այդ ոճիրի իրականացումէն ետք»,- նշեցՀայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական Հարցի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան բաժինի վարիչ Արմէն Մարուքեան:
Ան շեշտեց, որ մասնագէտներէն իւրաքանչիւրը մատնանշած է նախ հասցուած վնասները, կորուստները եւ որոշակի կառուցակարգեր, մեքենակառոյցներ, թէ ինչի՛ հիման վրայ եւ ի՛նչ մեքանիզմներով մենք կը պատկերացնենք հայ ժողովուրդին հասցուած հսկայական վնասներու հատուցման գործընթացը: