
Ցած Համեմատականութիւններէն Եւ Ժամանակաւորապէս Բարձր Ժողովրդականութիւն Վայելող Ընտրանքներէն Անդին
ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ազատութիւնը այն աստուածատուր բարիքն է, առանց որուն` ոչ մէկ բան իմաստ ունի:
Աստուած նոյնիսկ չուզեց բռնանալ մարդու ազատութեան վրայ, խրատեց, բացատրեց եւ բաւարարուեցաւ…
Եւ ի՜նչ լաւ է, որ Եւան ու Ադամը խնձորը կերան… Հետեւանքը դաժան էր, բայց ոչ ոք զղջացած է այս աշխարհ գալու, կեանքը քաղցր է, արեւը բարի՜…
Մեզմէ իւրաքանչիւրը, երբ պէտք եղածին չափ հասուննայ, պայման չէ` տարիքով, կը զգայ Աստուծոյ բացարձակ սիրոյ քաղցրութիւնը, բայց չի զղջար աշխարհ եկած եւ չարին ու բարիին փորձառութիւնը ճաշակած ըլլալու համը: Իր ամէն բարիքներով ու չարիքներով աննման է կեանքը եւ ի զուր չէ, որ ըսուած է` «Մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է»:
Երբ անկեղծութեամբ քանի մը վայրկեան նստինք մեր խղճին հետ, պիտի զգանք, թէ որքա՜ն յարափոփոխ են մեր դատումները, սէրերն ու «սկզբունք»-ները: Իբրեւ մարդ` կը փոխուինք երբեմն վայրկեանէ վայրկեան, եւ եթէ քաջութիւնը ունենանք խոստովանելու, գոնէ` մենք մեզի, կ՛ընդունինք, թէ որքա՜ն անիրաւ եղած ենք յաճախ մեր դատումներուն, մեր արարքներուն մէջ` նաեւ երբեմն:
Այս բոլորին կողքին, երբ նկատի առնենք նաեւ շրջապատին, մամուլին, կարդացուած գրականութեան, հեռատեսիլին, համացանցի ընկերային ցանցերուն տարած աշխատանքը մեզմէ իւրաքանչիւրս իրը դարձնելու, պիտի խոստովանինք, որ, այո, դժուար է ճիշդն ու սխալը, վնասակարն ու օգտակարը զանազանել եւ ըստ այնմ բարիին, օգտակարին եւ իրաւին հետեւիլ:
Ամէն մարդու համար ալ այս կեանքը դիւրին չէ, հարուստ, աղքատ, խելացի, տխմար, վախկոտ, քաջ, դիւրին չէ:
Այս դժուար պայմաններուն մէջ ազնիւ ու մաքուր մնալը մեծ հերոսութիւն է: Մոլորեցնող, արդար թուացող, բարի ձեւացող քարոզչութիւնը այնքա՜ն յառաջացած է, այնքա՜ն մեծ հնարաւորութիւններ ունի, որ ահաւոր է եւ յիմարութիւն է չմտահոգուիլը:
Մեր մարտահրաւէրն է, գոնէ` իբրեւ ազգ, սիրով մնալ, չեմ ըսեր` միակամ ու միակարծիք (երանի՜)… Իրավիճակները կը ստեղծուին մեզմէ իւրաքանչիւրին մեղսակցութեամբ, ըլլայ որպէս անհատ, ըլլայ որպէս քաղաքական գործիչ կամ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն: Իրարու ներել գիտնանք, անձնական վիրաւորանքէն վեր ելլել սորվինք, վիրաւոր է ամէ՛ն հայ: Սէրէն անդին ու բարձր ոչի՛նչ կայ:
Մեղքի ՄԵՐ բաժինը կրել սորվինք, անհատ առ անհատ, ամէն մարդ կը սխալի… Սուրբի լուսապսակ չկա՛յ ոեւէ մէկուս գլխուն:
Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քաղաքական խոր վերլուծումներ չունի. քաղաքական խոր վերլուծումներ ընելու կարողութիւն չունին նոյնիսկ կրթուած ու համալսարանական բարձր վկայականներ առած մարդիկ: Քաղաքական սուր հոտառութիւն ունենալու շնորհը ամէն մարդու չէ տրուած եւ այս այնքան ալ կապ չունի համալսարանական բարձր վկայականներու հետ: Շատ մը «փողոցային» ճարպիկ տղաք երբեմն օժտուած են քաղաքական սուր հոտառութեամբ:
Այս դժուար պայմաններուն մէջ, այս պահանջկոտ ու դժուար դարուն, երբ ամէն օր տուն կը վերադառնանք ուժաթափ, աշխարհի մէջ ո՛ւր ալ ըլլանք, մեզմէ ամենախելացիներն ու ճարպիկներն անգամ, հազիւ թէ ի վիճակի ըլլանք խոր քաղաքական վերլուծումներ ընելու, քարոզչական խելայեղ եւ շատ յաճախ մոլորեցնող հոսանքին ներքոյ: Իբրեւ մարդ` մեծամասնութեամբ հակուած ենք դիւրինը ընտրելու եւ արագ արդիւնքներ ու պտուղներ քաղելու ուղին: Սակայն միշտ ալ ընտիրին, օգտակարին եւ արժէքաւորին համար ստիպուած ենք սուղ վճարել:
Իսկական որակ, արժէքաւոր որեւէ բան դժուարամատչելի է, այո՛: Կոյրին հարցուցեր են` ուրկէ՞ գիտես լաւը, ըսեր է` գինէն:
Անկախ մեր համեստ կամ փայլուն մտային կարողութիւններէն, որպէս անհատ, որպէս ծնողք, կամ որպէս հաւաքականութեան անդամ, պարտաւոր ենք ճիգ չխնայելու մակերեսայինէն աւելի խորը թափանցելու: Այլապէս հետեւանքները կրնան ծանր ըլլալ:
Հոս է, որ կը շեշտուի կարեւորութիւնը բարոյապէս ընտիր, անկաշառ եւ հմուտ ղեկավարութեան, անշահախնդիր քաղաքական գործիչներու եւ ժողովուրդի հոգն ու ցաւը իրը սեպող կուսակցութիւններու ու քաղաքական գործիչներու:
Ցած համեմատութեամբ ժողովրդականութիւն վայելող կուսակցութիւններու, անհատներու եւ գաղափարներու էութիւնը, գործերը, անցեալն ու ներկան պրպտելու ողջախոհութիւնն ու իմաստութիւնը ունենալն է հարկաւոր. ժամանակաւորապէս բարձր ժողովրդականութիւն վայելող ընտրանքներու դէմ դնելու քաջութիւնն ու անշահախնդրութիւնն են հարկաւոր, եւ այս բոլորը բացատրելու, ժողովուրդին մատչելի դարձնելու համբերութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:
7 – 10 նոյեմբեր 2019
Արագած – Պէյրութ