Աղէտի Գօտիին Մէջ 227 Ընտանիքներու Բնակարան Պիտի Տրամադրուի

Հայաստան

Կառավարութիւնը 14 Նոյեմբերի իր նիստին որոշեց աղէտի գօտիի 227 ընտանիքներու բնակարանային խնդիրները լուծել՝ բնակարաններու գնման վկայագիրներ (ԲԳՎ) տրամադրելով:

Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արմէն Ղուլարեան ըսաւ, որ նախագիծին նպատակը երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած 227 ընտանիքներու բնակարանային խնդիրի լուծումն է՝ Արագածոտնի, Շիրակի ու Լոռիի մարզի գիւղական բնակավայրերուն մէջ: Այդ ընտանիքներու բնակարանային հարցը որոշուած է լուծել 2020 թուականին: Ըստ Ղուլարեանի՝ այդ նպատակով կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն խնդիրի լուծման պիտի տրամադրուի 1 միլիառ 291 միլին 600 հազար դրամ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առումով քանի մը նշում կատարեց: «Նախ եկէք արձանագրենք, որ այս պահուն Հայաստանի մէջ կայ երկրաշարժէն տուժած 453 ընտանիք, որոնց նկատմամբ պետութիւնն ունի պարտաւորութիւն, այդ պարտաւորութիւնը դէ իւրէ (իրաւապէս-Խմբ.) արձանագրուած է: Մենք քաղաքական խնդիր դրած էինք հնարաւորինս արագ լուծել մեր հայրենակիցներու հարցը, նաեւ 2020 ամավարկին մէջ  այս նպատակով յատկացուող գումարները մօտ վեց անգամ աւելցուցած ենք: Միւս տարի նախատեսուած է 3 միլիառ դրամ այդ նպատակի համար: Երբ կը քննարկուէր 453 շահառուներու հարցը, խորհրդակցութեան մասնակցիներէն ոմանք կը պնդէին, որ այս քաղաքացիներու խնդիրը ԲԳՎ-ներով կարելի չէ լուծել, որովհետեւ հիմնականօրէն գիւղական բնակավայրերու մէջ ապրող են: Անոնք կը նախընտրեն, որ շինարարութեան տարբերակով լուծենք: Մենք որոշեցինք՝ եկէք իրենց հարցնենք, եւ արդիւնքները զգայացունց են, ըստ էութեան այդ քաղաքացիներու ուղիղ կէսը ցանկութիւն յայտնած է, որպէսզի ԲԳՎ-ով ձեռք բերէ բնակարան»,- յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան:

Յաջորդ կէտը այն է, որ վերջին տարիներուն աղէտէն տուժած ընտանիքներուն բնակարաններ տրամադրելու գործընթացը մօտաւորպէս եղած է տարեկան 40-45 ընտանիքի: Այս որոշմամբ կառավարութիւնը առնուազն 4-5 անգամով կ՛աւելցնէ այս թիւը: