Շեր Հայ Քահանային Սպանութեան Պատասխանատուն Թրամփը Եւ Էրտողանը Կը Համարէ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հանրաճանաչ ամերիկահայ երգչուհի Շեր (Շերլին Սարգսեան) «Թուիթըր»-ի վրայ անդրադարձաւ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Գամիշլիի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետին եւ անոր հօր սպանութեան:

Ան խօսքը ուղղելով Ամերիկայի նախագահին գրած է. «Եթէ «Իսլամական պետութիւն»-ը վերադարձած է, դուք եւ Էրտողանը բերիք զանոնք: Դուք օգնեցիք Էրտողանին, որ քիւրտեր ջարդէ: Մարդիկ կը տառապին, կը սպաննուին, պարզապէս որովհետեւ ձեր «սիրելի Էրտողան»ը գոհ մնայ: «Իսլամական պետութիւն»ը սպաննեց հայ քահանան եւ անոր հայրը: Արդեօք Էրտողանը ձեզ դրամով, ուժով, թէ երկուքով միասին գնած է»: