«Կոչ Կ՛ընենք ՀՀ իշխանութիւններուն` Ականջալուր Ըլլալու Հայ Երիտասարդութեան». Դասախօսներու եւ Մտաւորականներու Յայտարարութիւնը

Հայաստան

Այսօր մէկ նախարարութեան պատասխանատւութեան տակ մէկտեղուած են մեր հանրային կեանքին մէջ բացառիկ առաքելութիւն ունեցող այնպիսի ոլորտներ, ինչպիսիք են՝ կրթութիւնը, մշակոյթը, մարմնամարզութիւնն ու երիտասարդութիւնը:

Յիշեալ ոլորտներու մէջ կառավարութեան քաղաքականութիւնը իրականացնող ԿԳՄՄ նախարարութեան կողմէ քաղաքական օրակարգ բերուած շարք մը գործողութիւններ` ուղղուած մեր ազգային արժեհամակարգին, ինքնութեան եւ ազգային հիմնարկներուն, տարակուսանք եւ բնական ընդվզում  կ՛առաջացնեն հասարակութեան ամենալայն շրջանակներու մէջ:

Ընդվզման առաջամարտիկը հայ երիտասարդութիւնն է, որ դեմ է ազգային ինքնութիւնն ու ազգային համեարշխութիւնը խաթարող գործողութիւններուն, ազգայինի եւ համամարդկայինի արհեստական հակադրութեան, որդեգրուած քաղաքականութեան մէջ խմբագրումներ կատարելու իշխանութիւններու անդրդուելիութեան:

Արդարացի համարելով երիտասարդներու ընդվզումը, մեր համաձայնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնելով անոնց`

Կոչ կ՛ընենք հայրենի մտաւորականներուն` սատարելու ազգային արժէքներու եւ ազգային արժանապատւութեան համար ոտքի ելած հայ երիտասարդներուն:

Կոչ կ՛ընենք ՀՀ իշխանութիւններուն ` ականջալուր ըլլալու հայ երիտասարդու-թեան, գիտամանկավարժական եւ մշակութային հանրութեան:

Դաւիթ Գասպարեան ԲԳԴ˒ Փրոֆեսոր,

Համլետ Գէորգեան ՊԳԴ˒ Փրոֆեսոր

Դաւիթ Սարգսեան, գրող, հրապարակախօս

Վիգէն Ստեփանեան դերասան, ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ

Կարին Տօնոյեան «Հայ ասպետ» հիմնադրամի տնօրէն

Ռազմիկ Դաւոյեան, բանաստեղծ

Աշոտ Աւագեան, գեղանկարիչ,  ՀՀ պետական մրցանակի դափնեկիր

Սերժ Սրապիոնեան ԲԳԹ, դոցենտ

Ալվարդ Պետրոսեան, գրող˒ հրապարակախօս

Սարգիս Քելեան ԵՊՀ˒ դոցենտ

Գագիկ Մարկոսեան եպհ˒ դոցենտ

Արսեն գրիգորեանեպհ˒ դոցենտ

Շահէն խաչատրեան եպհ˒ դոցենտ

Պետրոս դաւթեան ԵՊՀ˒ դոցենտ

Սեյրան Սուվարեան, ԵՊՀ˒ դոցենտ

Վահագն Գրիգորեան ԵՊՀ˒ դոցենտ

Սերգէյ Առաքելեան, արուեստագէտ˒ ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ

Թադեւոս Տօնոյեան, բանաստեղծ˒ ԵՊՀ դոցենտ˒ «Աղբիւր» ամսագրի խմբագիր

Արտակ Մովսիսեան ԵՊՀ Հայոց պատմութեան ամբիոնի վարիչ˒ ՊԳԴ

Ռիտա Սաղաթելեան, ԵՊՀ դոցենտ

Փիրուզա Մելիքսէթեան, «Իրատես» պարբերականի գլխ. խմբագիր

Նելլի Շահնազարեան, արձակագիր, դրամատուրգ

Վահրամ Վարդանեան, ԵՊՀ դոկտոր,˒ փրոֆէսոր

Նիկա Բաբայան, երաշժտական, արտադրող

Յակոբ Աւէտիքեան, «Ազգ» թերթի խմբագիր

Աշոտ Մանուկեան, ձեւագէտ

Ցանկը կը լրացուի: