
Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Հոգեւոր Ծաղկում Կ՛ապրի
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
«Եկէք ինծի բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ, եւ Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ…»
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ
…Եւ գացինք:
Օրը Չորեքշաբթի էր, թուականը՝ Նոյեմբեր 6, 2019: Օրուան վերջն էր, յոգնած ու բեռնաւորուած աւելի քան 300 հայորդիներ, 8էն մինչեւ 80 տարեկան կիներ, տղամարդիկ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, մատղաշ պատանիներ ու պարմանուհիներ՝ բոլորս մէկ մարդու պէս անսացինք Յիսուս Քրիստոսի աստուածաշնչեան կանչով մեզի դիմող Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի կոչին: Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դասին մէջ կեցած՝ սրբազանը վառ ձայնով, ձեռքի ուրախ շարժումով եւ երջանիկ ժպիտով դէպի դաս հրաւիրեց Ս. Գրային սերտողութեան այդ օրուան ներկայ եղողները: Անսացինք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ, երիտասարդական աւիւնով առլցուն սրբազան հօր կանչին եւ մենք եւս միացանք դասին մէջ, մինչ այդ իրարու քով հրաւիրուած, տարբեր տարիքի մօտաւորապէս յիսուն հաւատացեալներու, որոնք քանի մը վայրկեան առաջ ստացած էին վկայագիրներ՝ Տօնոյեան սրբազանի հաստատած «Նարեկացի» լսարանի ութամսեայ դասընթացքներուն հետեւած ըլլալնուն համար:
Եկեղեցւոյ դասը ընդգրկեց մեզ բոլորս՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց ու երիտասարդ հոգեւոր հայրերը, սարկաւագաց դասը, դպիր ու մանուկ, կին ու տղամարդ, վկայական ստացողներն ու սերտողութեան պահը վայելած բոլորս: Ամէն ոք ինքզինք պատուուած զգաց ոչ միայն եկեղեցւոյ ծառային կողմէ, որ «Փառք Քեզ Աստուած» փառաբանական երգի կշռոյթին տակ տակաւ առ տակաւ ամփոփեց մարդկային ալիքը դասին մէջ, այլեւ նախախնամութեան, հաւատքի՛ աղբիւր Աստուծոյ կողմէ:
Այո՛, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դասը այդ երեկոյ լեցուեցաւ մահկանացուներուս շունչով, մեր հոգիներու ջերմութեամբ, մարդկային ամէնէն զգայուն թրթիռներով, եւ մեզմէ շատերուս համար զգալի դարձաւ Աստուծոյ ներկայութիւնը Իր իսկ տաճարին մէջ, կարծես դէպի վեր ուղղակի հաղորդակցութեան անարգել ուղի մը բացուած էր, որ տակաւ լայնցաւ, քանզի մեր մէջ եւ մեր շուրջ երկնային լոյսը այդ պահուն տեսակ մը առատացաւ, կարծես օրհնութիւն մաղուեցաւ ներկաներուս վրայ, եւ Աստուած իր անխօս ներկայութեամբ, այլեւ Իրեն վայել խորիմացութեամբ պարուրեց իր հօտը այնպիսի սիրով ու կաթոգին, որ մեր վրայէն վերցուեցաւ օրուան բեռը, անհետացաւ ամէն տեսակ մտմտուք, եւ մեր հոգիներէն ի սպառ չքացան սուգ, վիշտ, ցաւ, ատելութիւն ու տառապանք: Փոխարէնը՝ մեր էութիւնները լեցուեցան սիրոյ Աստուծոյ՝ մարդո՛ւն իսկ խոստացած հոգեկան անեզր խաղաղութեամբ…
Այդ պահուն անձնապէս ապրեցայ եզակի փորձառութիւն մը. ժողովուրդին ըսածին պէս՝ «սիրտս վեր ելաւ» այնքան, որ արցունքներս սեղմեցին կոկորդս: Թէեւ շուտ լացող մը չեմ, ոչ ալ լացով հարց լուծելուն հաւատացող մը, բայց այդ պահը, շուրջս թեւածող մարդկային վառ ջերմութիւնը, Աստուծոյ տաճարին մէջ առանց սեռի, դիրքի, կոչումի եւ տարիքի խտրութեան պարզուած շքեղութիւնը՝ անսահման բարութեամբ մը լեցուած ըլլալու զգայական մտածում մը լայնցուց մէջս, ու արցունքներս Անսովորին հմայքով լեցուած՝ ինքնաբուխ կերպով գլորեցան…
Ապրումը թելադրիչ է, գրիչ կը շարժէ: Եւ Աստուծոյ ճամբաները բազում են՝ Իրեն հաւատացողներուն, վստահողներուն, հոգեւոր արթնութեան քաղցրութիւնը ճաշակել ուզողներուն քայլերը դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի ուղղելու. եկեղեցի մը, որ յառաջիկայ տարի կ՛ըլլայ 45 տարեկան, որ Սփիւռքի տարածքին միակն է իր ընդգրկուն չափով, հայահոծ հաւատացեալներով, որ կը գործէ տարուան բոլոր օրերը, առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ, կ՛ընդառաջէ աղօթք խնդրող բոլոր մարդոց, հոգեւոր եւ ծիսական դաշտերուն մէջ իր ծառայութիւնները կը մատուցէ բոլորին, իսկ վերջին տարիներուն հոգեւոր ծաղկում կ՛ապրի շնորհիւ Թորգոմ սրբազան Տօնոյեանի կողմէ հաստատուած եւ երեք տարիէ ի վեր անխափան շարունակուող Ս. Գրային սերտողութեան հոգեպարար պահերուն: Եւ ոչ միայն: Անցնող տարեշրջանին «Նարեկացի» լսարանը ունեցաւ աւելի քան 70 հետեւողներ, որոնցմէ յիսունը նոյն այդ Չորեքշաբթի իրիկուն անձնապէս վկայագիր ստացան, մինչ բացականերուն վկայագիրները գրասենեակը պիտի հասցնէ տէրերուն:
* * *
Երբ մեր ներկայ աշխարհը հետզհետէ աւելի կը մխրճուի անաւարտ պատերազմներու յորձանուտին մէջ (Միջին Արեւելք եւ այլուր), երբ համայն մարդկութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հեռանայ բարոյական հասկացողութեանց վրայ հիմնուած երէկուան ապրելաձեւէն, երբ մեր շուրջը եղափոխուող կեանքը խելայեղ ընթացքով մը նիւթական շահերու առաջնահերթութիւնը կը պարտադրէ նոյնիսկ ամէնէն պարզամիտ, բարի ու աշխատասէր մարդոց, երբ սուտը, կեղծիքն ու խաբէութիւնը, այլեւ տեսակ-տեսակ մոլութիւններն ու մոլորութիւնները ուղտի պէս կու գան նստելու այսօրուան երիտասարդ սերունդներու սիրտերուն մէջ եւ «մարդկային ազատութեան» անունով զԱստուած կը վանեն անոնց թարմ ու դիւրաբեկ հոգիներէն, որոշեցի գրել այս իւրայատուկ փորձառութեանս մասին այն քաջ համոզումով, որ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ամէն Չորեքշաբթի հոգեւոր սնունդ կը բաշխուի Տօնոյեան սրբազանին միջոցով, մարդկային հաւատքը կը զօրանայ անոր ընտրած բնաբաններէն, աղօթքի ուժը կը բազմապատկուի Աստուծոյ ծառային թելադրանքներէն, եւ երկնային շնորհներն ու յոյսի աղբիւրները կը բազմանան մարդոց կեանքին մէջ, որովհետեւ «Աստուած սէր է», եւ աստուածային սէրն է ակունքը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ինծի պէս շատ շատերու կողմէ տեսանելի դարձած հոգեւոր կեանքի ծաղկումին:
Կը մնայ բարիք մաղթել սրբազան Տօնոյեանին, որպէսզի շարունակէ լուսաւորել մեր հոգիները երկնային խօսքի զօրութեամբ եւ աստուածպաշտութեան նոր սերմեր ցանելով՝ մշտանորոգ ծաղկունք պարգեւէ ոչ միայն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհի հայութեան: