Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Ետք Ամերիկացի Ծերակուտականը Արգելք Դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին Վրայ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեմ արգելափակած է Ծերակոյտին կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, կը հաղորդէ News.am՝ վկակակոչելով ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն:

«Ես նոր հանդիպեցայ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամփի հետ եւ խօսեցայ խնդիրներու մասին, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուինք Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներխուժման պատճառով: Ես յոյս ունիմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»,- ըսած է Կրեմ Ծերակոյտի` հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող նիստի ժամանակ:  Կրեմ, որ կը համարուի Թրամփի մօտ դաշնակիցը, աւելցուցած է, որ ծերակուտականները  «պէտք չէ ոչ գունազարդեն, ոչ ալ նորէն գրեն պատմութիւնը»:

Քոնկրեսի վերին պալատի օրէնսդրութեան համաձայն՝ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրենսդրական նախաձեռնութիւն մը: