Էրտողանի Հակահայկական Ելոյթը Թրամփի Հետ Հանդիպման Ժամանակ

Աշխարհ

Նոյեմբեր 13-ի ուշ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Հանդիպման թեմաները շատ էին` Սուրիա, քրտական հարց, Ս-400-«Փաթրիոթ» համակարգեր, ահաբեկիչներ եւ այլն: Սակայն մեզի համար աւելի ուշագրաւ էր հանդիպման ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային անդրադարձը:

Կանխատեսելի էր, որ Էրտողան պիտի քննադատէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հոկտեմբեր 29-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. ան ատիկա «ամօթալի քայլ» որակեց:

«ԱՄՆ Ններկայացուցիչների պալատի` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշումը, ընդունուած Հանրապետութեան տօնին (Հոկտեմբեր 27-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս անկախութեան հռչակման օր) օրը, ամօթալի է: Մեր ազգի պատմութեան մէջ չկայ բիծ մը, որուն համար մենք պատասխան չենք տուած: Մենք բացած ենք մեր արխիւները բոլոր հետազօտողներու առջեւ: Հայաստանին ըսած ենք` եկէք համատեղ պատմական յանձնաժողով բանանք: Ցուցադրեցինք մեր բոլոր լաւ մտադրութիւններն ու քաղաքական կամքը: Եթէ դուք ալ ունիք արխիւներ` բացէք: Մենք բացած ենք:  Թուրքիոյ Զինուորական արխիւներուն մէջ կայ մօտ մէկ միլիոն փաստաթուղթ, ըսինք` հրամեցէք, չեկան: Ինչո՞ւ չեն գար, որովհետեւ գիտեն` եթէ սկսին իրենց աշխատանքin, չեն գտներ այն, ինչ կը փնտռեն: Ըսին, որ այս գործը պատմաբաններուն գործն է, քաղաքագէտներունն է, հնագէտներունը: Թող անոնք ըսեն: Հակառակ պարագային՝ մնացած բոլոր քայլերը քաղաքական են, անոնք մեզ չեն ստիպեր յետքայլ կատարելու: Հայերը դեռ ժամանակ մը առաջ տարբեր տեղերու մէջ որպէս քոչուոր կը թափառէին: Նոյն կերպով Թուրքիոյ մէջ որպէս քոչուոր ապրած են եւ հարկադրաբար արտաքսուած: Գիտէ՞ք, որ Թուրքիոյ մէջ 100 հազար հայ կայ, 60 հազարը մեր քաղաքացիներն են, մնացածն ալ ներգաղթեալ են: Մենք անոնց չենք արտաքսած, մարդկային վարուած ենք: Հայաստանը մեր երկու  երկիրներու միջեւ 2009-ին կնքուած արձանագրութիւնները վաւերացնելէ խուսափած է: Սփիւռքն ալ կը շարունակէ մեր երկիրը սեւցնող արշաւը»,- ըստ Yerkir.am-ի` յայտարարած է Էրտողանը:

Նախապէս տեղեկացուած էինք, որ ԱՄՆ ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք արգելք դրած էր Ծերակոյտի ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վրայ: