«Զարմանալի Է, Որ Առաջին Հերթին Կացինն Իջաւ Հայագիտական Առարկաներուն Վրայ»

Հայաստան

Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտի խումբ մը մասնագէտներ Նոյեմբեր 13-ին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անընդունելի նկատեցին վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած «Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծի շարք մը դրոյթները:

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան յայտնեց, որ  զարմանալիօրէն հայագիտութեան ոլորտի մասնագէտները անկախութեան երրորդ տասնամեակի աւարտին տակաւին զբաղած են հայագիտութիւնը պաշտպանելու հարցով։ Ան նշեց, որ լուծում պահանջող շատ հարցեր կան, նաեւ՝ գիտութեան, կրթութեան ոլորտին մէջ, սակայն զարմանալի է, որ առաջին հերթին կացինը իջաւ հայագիտական առարկաներուն վրայ։ «Անընդհատ զօրամասեր կ՛այցելենք: Եկէք, տեսէք, թէ ինչպէս հայ զինուորները կ՛ընկալեն հայոց պատմութեան, հայագիտական բնոյթի դասախօսութիւնները, որովհետեւ կարօտ են այդ ամէնուն: Նոյնը, կը հաւատացնեմ ձեզի, ոչ-մասնագիտական կաճառներու մէջ է: Եկէք, տեսէք՝ լսարանը դատարակ կ՛ըլլա՞յ, թէ՞ լեցուն»,- ըսաւ ան՝ նշելով, թէ այս բոլոր բողոքի ձայներուն անլսելի մնալը մտածել կու տայ, որ եղածը ծրագրաւորուած է։

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեան ըսաւ, որ հասարակութեան լայն զանգուածները կը մերժեն այս նախագիծը, որ ի սկզբանէ սխալ էր եւ անընդունելի։ Ըստ անոր՝ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն նիւթերը կը ձեւաւորեն լայն աշխարհայեացք, ազգային նկարագիր ունեցող, բարեկիրթ անձնաւորութիւններ. «Առանց հայագիտական առարակներու չեմ պատկերացեր բնականոն մասնագէտ, որ պէտք է պատրաստէ մեր կրթական համակարգը»,- յայտնեց ան։

Մանկավարժական համալսարանի պատմութեան եւ իրաւագիտութեան բաժանմունքի նախագահ Էդգար Յովհաննիսեանի համաձայն՝ այս հարցին մէջ ոլորտի մասնագէտները, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները միասնական են, չկայ կառոյց մը, որ այս հարցին մէջ իրենց հետ չէ: «Եթէ պիտի ունենանք գիտարուեստի փորձագէտներու հասարակութիւն, թռիչքաձեւ տնտեսական զարգացում, ով ըսաւ, որ ապագայ մասնագէտները պէտք չէ իմանան իրենց երկրի պատմութիւնն ու մայրենի լեզուն»,- յայտնեց Յովհաննիսեան:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան յայտնեց, որ նախագիծը հրապարակելէ ետք իրենք հանրային քննարկում կազմակերպած են, սակայն արդիւնքը անհանգստացնող է: «Հայ ժողովրդի յիշողութիւնը վիրաւորուած է: Ինքնութեան հիմնական արմատները մեր յիշողութեան մէջ են կուտակուած, անոնմէ կը ծլի գրականութիւնը, հոգեւոր աշխարհը: Երբ փոքր մը հով կը դիպչի, պատասխանը շատ հզօր ալիքներ կու տան: Հարցը որոշողները պէտք է լրջօրէն դիտարկեն»,- նշեց ան:

ԳԱԱի Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան ընդգծեց, որ տարիներու ընթացքին հասած են այն փուլին, որ հայերէնը դարձած է գիտութեան լեզու: «Հայոց լեզուն որպէս պարտադիր առարկայ չդասաւանդելը, անթոյլատրելի եմ կը համարեմ մասնագիտական առումով: Լեզուն առաջին հերթին հաղորդակցման միջոց է: Զայն չդասաւանդելով բուհերու մէջ՝ տարբեր ոլորտներու մասնագէտները չեն կրնար իրենց մտքերը արտայայտել կամ հայերէնով գրել»,- նշեց գրականագէտը: