
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփէն Կը Պահանջէ Էրտողանին Ստիպել Բացատրութիւն Տալ Հայ Հոգեւորականի Սպանութեան Վերաբերեալ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղած է` ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վրայ, որպէսզի ան բացատրութիւն տայ Գամիշլիի հայ հոգեւորական Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի եւ անոր հօր` Աբրահամ Պետոյեանի սպանութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հաուար» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք հետեւողական պիտի ըլլանք, որ նախագահ Թրամփ այս չորեքշաբթի հրապարակաւ ճնշում գործադրէ թուրք նախագահ Էրտողանի վրայ` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու կողմէ հայ կաթողիկէ հոգեւորականի սպանութեան կապակցութեամբ, Սուրիոյ այն շրջանին մէջ, ուր շարունակաբար կ՛աճի Անգարայի դաշնակիցներուն վերահսկողութիւնը», նշուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշենք նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս պապը նախանցեալ օր նոյնպէս իր ցաւակցութիւնը յայտնած էր հայ հոգեւորականին եւ անոր հօր սպանութեան վերաբերեալ: