46 Ընտանիք Արդէն Վերադարձած է Թալիշ. Տիգրան Աբրահամեան

Հայաստան

Թալիշի վերակառուցումէն ետք, այս պահուն արդէն 46 ընտանիք վերադարձած է հայրենի գիւղ, եւս 5 ընտանիքի վերադարձը ընթացքի մէջ է։

Նման տուեալներ Facebook-ի իր էջին հրապարակած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան։

Բացի այդ, գիւղը ունի ապրելու համար նախատեսուած բոլոր պայմանները՝ նոր դպրոց, մանկապարտէզ, բժշկական կեդրոն, հանդիսութիւններու տուն, գիւղապետարան, վերադարձած ընտանիքներուն համար նախատեսուած տուները ամբողջութեամբ կահաւորուած են։