Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Բանաձեւի Ընդունումը Երկար Տարիներու Աշխատանքի Արդիւնք Է. Թալաթինեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Լիբանանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան հարցազրոյցներու շարք մը ունեցաւ «Հուրա», «Արապիա» եւ «Սքայ Նիուզ Արապիք» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ: Ան անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման:

Անդրադառնալով որոշումի կարեւորութեան` Ցոլեր Թալաթինեան նշեց, որ անիկա Հայ Դատի գրասենեակներու, մարմիններու ճիգերով իրագործուած է եւ երկար տարիներու աշխատանքի արդիւնք է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան որոշումը Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելո՞ւ կը ծառայէ միայն, Ցոլեր Թալաթինեան ըսաւ, թէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ նման ճնշումներու ձեւեր կան, եւ կրնար արագացնել նման որոշումներ, սակայն Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ փաստուած իրողութիւն եղած է Ներկայացուցիչներու տան քուէարկութեան մէջ, անկախ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կամ նախագահին վարած քաղաքականութենէն: Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի իրողութիւն է, եւ կատարուածը անոր  հաստատումն էր պարզապէս:

Անդրադառնալով Թրամփ-Էրտողան նախատեսուած հանդիպումին եւ անոր ազդեցութեանը Ներկայացուցիչներու տան որոշումին վրայ` Ցոլեր Թալաթինեան ըսաւ, որ որոշումը տրուած է Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն կողմէ եւ մեծամասնութեամբ, այսինքն` կարելի չէ անտեսել կամ հերքել ատիկա, իսկ երկրորդ քայլը, որ կը յուսանք շուտով կատարուի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ նոյնանման որոշումի մը ընդունումն է:

Թուրք-արաբական յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Լիբանանի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուն ըսաւ, թէ արաբական երկիրներուն մէջ հայկական գաղութներու ներկայութիւնը եւ 1915-էն ետք արաբ ժողովուրդին կողմէ հայ գաղթականներու հիւրընկալութիւնը լաւագոյն փաստն է Ցեղասպանութեան, անշուշտ հարիւրաւոր փաստերու եւ մանրամասնութեանց կողքին, որ թուրքը Ցեղասպանութիւն գործած է` աւելցնելով, որ այժմ ժամանակն է, որ արաբական երկիրները ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ վերջին տարիներու թրքական քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Օսմանեան քաղաքականութեան լոյսին տակ: