
Թուրքիոյ Պաշտօնական Արձագանգը՝ ԱՄՆ-ի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Ընդունման Վերաբերեալ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ԱՄՆ Քոնկրէսի ստորին պալատի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Sabah-ը։
«Մենք կը մերժենք «Հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արձանագրութիւնները» վերնագրուած թիւ 296 փաստաթուղթը: Ներքին քաղաքական նկատառումներով ընդունուած այդ որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի պատմութեան եւ իրաւունքի հետ»,- նշուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։
Կը շեշտուի այն հանգամանքը, որ եթէ որոշ ուժեր, չկարենալով Սուրիոյ մէջ «խաղաղութեան ակունք» ռազմագործողութիւնը կանխել, կը կարծեն, թէ այս կերպով կրնան վրէժխնդիր ըլլալ Անգարայէն՝ կը սխալին։
«Այս որոշումը Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին համար չունի որեւէ վաւերականութիւն: Բանաձեւին այս նախագիծը չ՝ենթադրեր որեւէ իրաւական պարտաւորութիւն եւ այլ բան չէ, քան ԱՄՆ-ի հայկական լոպպիին եւ Թուրքիոյ դէմ գործող շրջանակաները գոհացնելու նպատակով առնուած քաղաքական քայլ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը յիշեցուի, թէ ինչպէս Հայաստանը հրաժարած է 1915-ին տեղի ունեցածը ուսումնասիրելու համար համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկէն։
Ըստ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի՝ Ներկայացուցիչներու պալատին ընդունած բանաձեւը պիտի բարդացնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։
«Անկասկած այս որոշումը ստուեր կը նետէ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի վարկանշին վրայ եւ բացասականօրէն պիտի անդրադառնայ Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ ԱՄՆ-ի վերաբերեալ ընկալումներուն»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։