
«Բանաձեւը Անօգուտ է: Թուրքիան Զայն Չի Ճանչնար»․ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հոկտեմբեր 30-ին յայտարարած է, որ երկրի խորհրդարանը պատասխան կը պատրաստէ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ բանաձեւի ընդունման, որ կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Բանաձեւը անօգուտ է: Թուրքիան զայն չի ճանչնար»,-նշած է Էրտողան, կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը:
ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հոկտեմբեր 29-ին կայացած քուէարկութեան արդիւնքով ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Քուէարկութեան մասնակցած քոնկրէսականներէն կողմ է քուէարկեց 405-ը, դէմ` 11-ը, ձեռնպահ` 3-ը, իսկ 14 քոնկրէսական չքուէարկեց: