Արդարութիւնն ու Ճշմարտութիւնը Համախմբուեցան Պատմական Բանաձեւի Մէջ. Զոհրապ Մնացականեան

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան անդրադարձած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւին ընդունման: ՀՀ ԱԳ նախարարը Twitter-ի իր էջով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար:

«Արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը համախմբուեցան պատմական HR Res 296 բանաձեւի մէջ։ Ասիկա յարգանքի տուրք է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Խորին շնորհակալութիւն կողմ 405 ձայներուն համար: Եւս մէկ հնարաւորութիւն ՝ աշխատիլ ամբողջ աշխարհի մէջ զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու ուղղութեամբ»,- գրած է Զոհրապ Մնացականեան: