
11-րդ Օրն Ըլլալով Մեծաթիւ Ցուցարարներ Լեցուցին Լիբանանեան Քաղաքներուն Հրապարակները
“Ազդակ” կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 27-ին համաժողովրդային մարդաշատ ցոյցերը թեւակոխեցին իրենց 11-րդ օրը` լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Յատկանշական էր Սուրէն Թրիփոլի երկարող ձեռք-ձեռքի «Մարդկային շղթայ»ն, որ կազմակերպուեցաւ երէկ:
Մինչ այդ, «Հզօր Լիբանան» համախմբումի երեսփոխանները յայտարարեցին, թէ իրենց դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու պատրաստակամ են, հրապարակներու վրայ գտնուող ցուցարարները շարունակեցին պահանջել ներկայ կառավարութեան եւ իշխանութեան պետերուն հրաժարականը:
Շաբաթ, 26 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին լիբանանեան բանակը փորձեց բանալ Թրիփոլի – Աքքար ճամբան Պըտտաուի շրջանին մէջ: Յառաջացաւ բախում բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ: Բանակին արձակած կրակոցներուն պատճառով, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, արձանագրուեցաւ 10 վիրաւոր` ցուցարարներու շարքերուն մէջ:
Երէկ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ժողովրդային շարժումը այսօր որոշած է Լիբանանի բոլոր հիմնական մայրուղիները փակել ինքնաշարժներով` անդամալուծելու համար երկրին երթեւեկը:
Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն յայտարարեց հետեւեալը. «Ապստամբ երիտասարդները կը թակեն ժամանակակից պետութեան դռները, ձայները կը բարձրանան հրապարակներուն վրայ, փոփոխութիւնը կու գայ, կու գայ: Փտածութեան եւ թալանի կայսրերուն պատշպանութիւնները թող իյնան»: Ան շեշտեց, որ Նասըրական շարժումը պիտի մնայ հրապարակներուն վրայ:
Սաատ իր գրառումին կցած էր Սայտայի մէջ Նասըրական շարժումի ժողովրդային պահանջատիրութեան երթերէն մէկուն նկարը:
Աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հրահանգեց արգիլել ամերիկեան տոլարը լումայափոխներու եւ առեւտրականներու պայուսակներուն մէջ երկրէն դուրս հանելու գործողութիւնները` օդակայանին եւ սահմանային անցքերուն միջոցով, որոնք կ՛իրականացուին լիբանանեան մաքսային մարմիններու կողմէ հաստատուած բնականոն արտօնութեամբ:
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարական պահանջուած փոփոխութիւնը պէտք է ընդգրկէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, այլապէս ժողովուրդը պիտի չընդունի այդ փոփոխութիւնը: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Հարիրի կը ձգտի այլընտրանքի մը, որ հրաժարիլն է` ըստ ցուցարարներու պահանջին, նախապէս համաձայնեցուած մասնագէտներէ կազմուած կառավարութեան սահուն անցում ապահովելով: Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրի չ՛ուզեր դատարկութիւն, որ կը յանգեցնէ իրավիճակի վատթարացման:
Ալլուշ բացատրեց, որ ինք վարչապետին յանձնարարած է հրաժարիլ, եթէ չկարենայ բան մը ընել եւ չյաջողի ժողովուրդը փողոցէն դուրս բերել` նշելով, որ ատիկա Հարիրիին որոշումը չէ: Ան դիտել տուաւ, որ բացարձակ մերժում մը կայ նախագահ Աունի եւ Պասիլի կողմէ` Պասիլի դուրս մնալուն գծով, հակառակ որ Պասիլի` կառավարութենէն դուրս գալը պիտի փրկէ նախագահ Աունի իշխանութիւնը, որուն մնացած է երեք տարի:
Ան յայտնեց, որ վարչապետին կողմէ որեւէ լուծում պէտք է ներառէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որպէսզի հարցը կարգաւորուի` տրուած ըլլալով, որ պէտք է փոխուին 5 իսլամ նախարարներ` 5 քրիստոնեայ նախարարներու դիմաց (4 Լիբանանեան ուժեր + Պասիլ):
Ան շարունակեց ըսելով, որ հաստատօրէն Հարիրիի կողմէ չէ լսած հրաժարելու մասին:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին յայտնեց, որ անօթին պէտք ունի հացի եւ ճաշի, ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ գործի, ծարաւը կարիք ունի ջուրի, արդարութեան, արժանապատուութեան, հիմնական իրաւունքներու, իսկ մերկը կարիքը ունի հագուստի, կօշիկի, տունի, ինչպէս նաեւ գործի եւ հասարակութեան մէջ տեղի եւ դերակատարութեան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր երեխաներով, երիտասարդներով, տարեցներով եւ կիներով կ՛ապրի իր դրական բարեփոխման յեղափոխութիւնը, որովհետեւ ան կը տագնապի նիւթապէս, բարոյապէս, տնտեսապէս, հոգեպէս եւ ապրուստի պատճառով: Ան պետական ղեկավարներուն կոչ ուղղեց չթերագնահատելու խաղաղ ու քաղաքակիրթ ցուցարարները եւ անոնց պոռթկումը չվերածելու կուսակցական պայքարի կամ գաղափարական կործանարար նպատակներու:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ցուցարարները տակաւին կը պահանջեն նոր, սեղմ եւ չէզոք կառավարութիւն, որ կազմուած ըլլայ յայտնի եւ վստահելի մարդոցմէ, կառավարութիւն մը, որուն շուրջ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած ըլլայ, որպէսզի դատարկութիւն չստեղծուի եւ յաջողի իրագործել վարչապետ Հարիրիի առաջարկած բարեկարգումներու ծրագիրը:
Ռայի պատրիարք քաղաքական ուժերէն պահանջեց արձագանգել հանրապետութեան նախագահի կոչին եւ ժողովուրդի պոռթկումին, որովհետեւ, ըստ անոր, Լիբանանի մէջ քաղաքական համակարգը ժողովրդավարական է եւ ոչ բռնատիրական, այլազան է եւ ոչ միատեսակ, ազգային է եւ ոչ համայնքային, եւ ժողովուրդը իշխանութիւններուն աղբիւրն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի իր կարծիքը եւ կամքը պարտադրելու ժողովուրդին վրայ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ մինչեւ այս պահը չկայ որեւէ որոշում կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու կամ կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնելու: Կ՛ըսուի, որ կը շարունակուին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները` հասնելու համար համաձայնութեան եւ փորձելու բանալու ճամբաները, պահպանելով ցոյցերը շարունակելու իրաւունքը հանրային հրապարակներուն վրայ, առանց երկրին յօդերը կտրելու:
Աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ դատարկութիւնը անկարելի է այս փուլին, քանի որ ատիկա պիտի պատճառէ ապահովական եւ տնտեսական հետեւանքներ` նշելով, որ բոլոր լուծումները սեղանի վրայ են եւ քննարկելի:
Աղբիւրները «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին նաեւ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կը շարունակուին` հասնելու համար քաղաքական լուծումի մը: Կողմերը համաձայնած են խուսափելու կառավարական դատարկութենէն, եւ եթէ համաձայնութիւն գոյանայ նոր կառավարութեան շուրջ, ապա ընթացիկ գործերը կատարելու կառավարութեան պաշտօնավարումը պէտք չէ քանի մը ժամէն աւելի տեւէ:
Դրամատուներու միութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, դրամատուները փակ պիտի մնան նաեւ այսօր` երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին:
Երկրին մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով այսօր փակ կը մնան նաեւ համալսարաններն ու դպրոցները: