
Ղարաբաղը Կը Պատկանի Հայաստանին. Յայտնի Ռուս Լրագրողը Պատասխանած է Ատրպէյճանուհիին. Տեսանիւթ
Յայտնի ռուս լրագրող եւ գրող Վլատիմիր Պոզներ Քալիֆորնիոյ մէջ (ԱՄՆ) ելոյթի ընթացքին պատասխանած է ատրպէյճանցի երիտասարդ կնոջ դիտարկման՝ Ղարաբաղի հարցով Պոզների «հայանպաստ» դիրքորոշման վերաբերեալ:
Ըստ SHANTNEWS.am-ի՝ այս մասին յայտնած է rusarminfo.ru-ն:
Արզու Մամետովան՝ դիմելով Պոզներին՝ ըսած է, որ «Ղարաբաղի անկախութիւնը աշխարհը չէ ճանչցած»:
Իբրեւ պատասխան՝ Վլատիմիր Պոզներ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի տարածք:
Հայաստանի մէջ 2019 Մայիսին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ Վլատիմիր Պոզներ յայտարարած էր, որ պիտի փափաքէր այցելել Լեռնային Ղարաբաղ՝ իր դիրքորոշումը յայտնելու համար, եւ որ բոլորը, ներառեալ ատրպէյճանցիները, հասկնան, որ «անոր սիրտը այս կողմն է, ո՛չ թէ միւս»: