Աստուածաշունչը Տպելէն, Տարածելէն Ու Կարդալէն Անդին, Պէտք Է Ապրիլ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աշխարհ, Սփիւռք

Վերոնշեալ պատգամը առանցքային տեղ գրաւեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին դասախօսութեան մէջ, զոր տուաւ անգլերէն լեզուով` Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ Անգլիոյ Ս. Գրոց ընկերակցութեանց միացեալ ճիգով եւ համագործակցութեան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին կողմէ: Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր. «Ի՞նչ է պատգամը Աստուածաշունչին այսօր` Միջին Արեւելքի ներկայ պայմաններուն մէջ»:

Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 200 պատուիրակներ` Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն եւ Անգլիայէն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցիէն` Լիբանանէն եւ Պոլիսէն: Համագումարին կազմակերպիչ կառոյցներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վատիկանի ներկայացուցիչը բացման հանդիսութեան յաջորդաբար խօսք առին:

Համագումարին գլխաւոր դասախօսն էր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Ողջունելով համագումարին նպատակը` ան շեշտեց, որ Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի մտածողութեան, գործին ու կեանքին առանցքը եւ ուղեգիծը պէտք է դառնայ, այլապէս քրիստոնեան պիտի կորսնցնէ իր կեանքին որակը, իմաստն ու նպատակը: Ապա Աստուածաշունչի իւրայատկութիւններուն անդրադարձաւ` եօթը գլխաւոր կէտերու ընդմէջէն: Այս ծիրին մէջ Արամ Ա. ըսաւ, որ Աստուածաշունչը գիրք չէ, ուսուցումներու ուղեցոյց չէ, այլ աստուածային յայտնութիւն կը պարունակէ: Անդրադառնալով աստուածային յայտնութեան` հայրապետը ըսաւ, թէ Աստուած իր մասին չէ, որ յայտնած է, այլ ինքզինք յայտնած է. յայտնող եւ յայտնուող Աստուած ինքն է, սակայն Աստուածաշունչը գրուած ըլլալով Ս. Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ, ան կարիքը ունի մեկնաբանութեան, եւ մեկնաբանութեան  իրաւունքը, ուղղափառ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն համաձայն, վերապահուած է եկեղեցւոյ միայն: Նորին սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Աստուածաշունչին անսխալականութեան ու հեղինակութեան:

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց Աստուածաշունչէն եկող չորս պատգամներ. ա) միութիւն, բ) ծառայութիւն, գ) առաքելութիւն եւ դ) սէր: Իւրաքանչիւրին մասին ան  լայնօրէն անդրադարձաւ` մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն:

Իսկ դասախօսութեան երրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ վերոյիշեալ աստուածաշնչական պատգամներու իմաստին մասին` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու կեանքի շրջագիծին մէջ: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնէական միութեան գործակցութեան, ծառայութեան ու վկայութեան իւրայատուկ իմաստն ու մարտահրաւէրը, յատկապէս ներկայ պայմաններու լոյսին տակ:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս  կոչ ուղղեց եկեղեցիներուն` Աստուածաշունչը ծէսէն, եկեղեցւոյ պատերէն եւ Ս. Գրոց սերտողութեան նուիրուած ձեռնարկներէն անդին տանելու եւ կեանքի թարգմանելու: