Համահայկական Հիմնադրամին Կողմէ Հաշմանդամ 6 Ազատամարտիկներու Տրամադրուած են Յատուկ Յարմարանքով Ինքնաշարժներ

Հայաստան

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերի դրութեամբ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու հաշմանդամ վեց ազատամարտիկներու տրամադրուած են յատուկ յարմարանքով ինքնաշարժներ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ այս մասին յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մամուլի խօսնակ Արմինէ Թոխմախեան:

Անոր խօսքով` ծրագրի ծիրին մէջ ազատամարտիկներուն նուիրաբերուած է նաեւ յատուկ խնամքի պարագաներ: «Հիմնադրամը մշտապէս ուշադրութիւն կը դարձնէ ազատամարտիկներուն․ ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի նախաձեռնութեամբ յատուկ յարմարանքով ինքնաշարժներ, ելեկտրական յատուկ մահճակալներ, անուասայլակներ, ներքնակներ, բարձեր, աթոռներ, թթուածինի պալոններ, մղիչ սարքեր եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ կը նուիրաբերուին հաշմանդամ ազատամարտիկներուն: Ինքնաշարժները Միացեալ Նահանգներուն մէջ յարմարեցուած են պարանոցի, մէջքի խնդիր ունեցող եւ անդամալոյծ անձերու համար: Ծրագրի համակարգումը վստահուած է հաշմանդամ ազատամարտիկ Հրանդ Թումասեանին, որ քաջատեղեակ է իր մարտական ընկերներու խնդիրներուն եւ ամէն ինչ կ՛ընէ անոնց օգնելու եւ անոնց հոգերը թեթեւցնելու համար»,- նշած է Թոխմախեան: