Փարիզի Մէջ Յարձակում՝ Հայկական Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանին Դէմ
Փարիզի հիւսիսը գտնուող Սամուէլ Մուրատեան հայկական վարժարանին դէմ յարձակում գործուած է:
«Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան` դատապարտելով այդ արարքը:
«Լրջօրէն մտահոգուած ենք Սեւրի հայկական Մուրատեան վարժարանին դէմ իրականացուող վանտալիզմի կրկնուող դրսեւորումներով: Այս գործողութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան», – գրած է Տոլմաճեան:
Հոկտեմբեր 20-ին Փարիզի մէջ հայկական դեսպանատունը հաղորդած էր նաեւ, որ յարձակում գործուած է ֆրանսահայ «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթի գրասենեակին դէմ:
