
Վե՛րջ Շահածարաւ Վերնախաւին
«ԱՐԱՐԱՏ» (Լիբանան)
Լիբանանցիք աննախընթաց պոռթկումով մը, միահամուռ կերպով, ի վերջոյ աղաղակեցին.-վե՛րջ փտածութեան, կաշառակերութեան, հատուածամոլութեան եւ սանձարձակ ամենաթողութեան:
Ընկերային-տնտեսական հետզհետէ կուտակուող դժգոհութիւնները, ծանրացող տուրքերն ու պետական եկամուտներուն բացայայտ չարաշահումները, ձրիակերներու մեծաքանակ թիւն ու անոնց լկտիավարի պահուածքը, տարիներով իշխանական աթոռներուն փակած հացկատակներուն անտարբերութիւնը երկրին նկատմամբ, ախտավարակ փտածութիւնն ու անպատժելիութեան մթնոլորտը, երկրին բարիքները համաձայնաբար կիսած աւանդական դէմքերուն յամառութիւնը, համատարած գործազրկութիւնը այնպիսի հեղձուցիչ կացութիւն մը ստեղծեցին, որ ինքնաբերաբար միասնականացուց Լիբանանի օրըստօրէ թշուառացող ժողովուրդը, կտոր մը հացի եւ աշխատանքի կարօտ զանգուածները, ընկերային անարդարութենէն լլկուած քաղաքացիները:
Աննախադէպ օրեր կ’ապրի երկիրը: Իր ծննդեան իսկ օրէն կրօնա-դաւանական ընդգծուած բաժանումներով բնորոշ Լիբանան, այս հանգրուանին, անհաւատալիօրէն դարձած է միակրօն, մէկ ժողովուրդ, ապաքաղաքական եւ ապակուսակցական: Ան իր բոլոր շերտերով համախմբուած է գերագոյն արժէքի մը շուրջ, որ հայրենիքն է: Թէպէտ նման դրսեւորում պէտք էր ըլլար շատ առաջ եւ ազգային գիտակցութիւնը համախմբէր մէկ դրօշի եւ մէկ բանակի շուրջ, սակայն աւանդական եւ կարծրացած կառոյցներ կը խափանէին նման երեւոյթ, անոր մէջ իրենց շահածարաւ ախորժակներուն ուղղուած սպառնալիք նշմարելով:
Ինչո՞ւ լիբանանցիք ծովածաւալ բազմութիւններով փութացին փողոցներ իրենց ցասումը արտայայտելու. ինչպէ՞ս Լիբանան հասաւ այս անբաղձալի հանգրուանին. ինչպիսի՞ նախադրեալներ մղեցին ժողովուրդը մերժելու ամէն ինչ, քանդելու վախի եւ տիրահաճութեան պատուարները. ո՞ւր պէտք է փնտռել զայրալից քաղաքացիներուն կարեվէր բողոքը:
Ի հարկէ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ետք գոյացած յարանուանական, քաղաքական, նիւթական գզվռտոցներու մէջ, տնտեսութեան դէպի ճահիճ խրումին մէջ, ընկերային բեւեռացումներուն մէջ: Մէկ ու միասնական պետութեան փոխարէն տեսանք մինի-պետութիւններ՝ համայնքներու բաժնուած, եւ այդ համայնքներն ալ կուսակցութիւններու բաժնուած եւ անոնք ալ իրենց պետերուն քմահաճութեան ենթարկուած: Իւրաքանչիւր կողմ իր մեծաւորը ունէր երկրէն դուրս, որոնց հրահանգները աւելի առաջնահերթ էին, քան Լիբանանին շահերը: Երկիրն ու ժողովուրդը սեփականաշնորհուած էին կարծէք այս կամ այն ինքնակոչ «նախագահ»ին կողմէ: Երբ 1990-ին լռեցին թնդանօթները, աստիճանաբար չքացան զինեալ տարրերը, երկիրը կ’ամոքէր իր սպիները, կար յուսադրուած ժողովուրդ, կար լաւատեսութիւն, կար դրական տեղաշարժ: Սակայն՝ աւելի ուշ, ներ-քաղաքական ու հատուածական գձուձ սակարկութիւնները, տնտեսական իւղոտ լծակներու շուրջ տուրեւառը եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններուն օդին մէջ առկախ շողշողուն խոստումները հետզհետէ պատրանաթափ դարձուցին քաղաքացիները՝ անիրաւաբար եւ անխտրաբար:
Ինչպէ՞ս չընդվզէր ժողովուրդը, երբ 30 տարիէ ի վեր չէ լուծուած ելեկտրականութեան հարցը, աղբահանութիւնը դարձաւ անլոյծ թնճուկ՝ ժողովուրդին առողջութեան հաշուոյն, վարձակալութեան կամայական օրէնքները, թանկացումները անկոպար կը սլանան, կրթաթոշակները բարձր, բժշկութիւնը հարուստներուն միայն մատչելի, գործազուրկներու բանակը կը ստուարանայ, իսկ արտագաղթը պատերազմէն ետք աւելի դարձաւ համատարած՝ քան պատերազմի թէժ օրերուն: Տուրք ու հարկ ա՛յնքան ճնշեցին, որ պայթումը եղաւ անխուսափելի:
Անխուսափելիէն ահա ծնաւ ոմանց արտայայտութեամբ՝ «յեղափոխութիւնը»: Երկիրը թեւակոխեց նոր տեսակի տագնապի մը հանգրուանը, երբ մերժելի են կիսատ-պռատ առաջարկները, յամեցած բարեփոխումները, տնտեսութեան հապճեպ ապաքինումը: Ժողովուրդը իրաւացիօրէն կը պնդէ արմատական փոփոխութեանց վրայ, հաշիւ կը պահանջէ բոլորէն, թիրախաւորած է ամբողջ տիրող համակարգը, շահածարաւ վերնախաւը:
Պատմական օրեր կ’ապրի Լիբանան: Ակնբախ է ցայտուն իրականութիւն մը.- ցարդ կրօնապետներ, պետական ու քաղաքական այրեր, գործիչներ բազմիցս փորձած էին միասնականացնել ժողովուրդը, բայց անյաջողութեան մատնուած, որովհետեւ անոնց ետին կը տեսնուէին տուեալ պահուն եւ յարանուանութեան շահագրգռուածութիւնը, թաքուն նպատակը: Այս անգամ սակայն, դասակարգային պայքարն ու թշուառութիւնը, իրողապէս մէկ բռունցքի վերածեց ճնշեալ, իրաւազուրկ, յափշտակեալ հոծ զանգուածները: Գահավիժող տնտեսութիւնը, փաստօրէն, հատուածական հասարակութիւնը համախմբեց մէկ դատի եւ մէկ պայքարի շուրջ: Միայն ու միայն ընկերային արդարութիւն եւ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
Արդէն այս է պատմութեան շարժիչ ուժը՝ դասակարգային պայքար՝ յանուն արդարութեան: Հինէն եկող, ամենուր պատահող, բայց՝ միշտ կրկնուող պատմութեան հոլովոյթը, երբ ապստամբութիւններ, յեղափոխութիւններ կը սարսէին ամուր կարծուած վարչակարգերու հիմքերը. ի սպառ կը տապալէին արմատակալած եւ նեխած կառավարութիւնները:
«Արարատ» եւ իր շրջանակը, իր էջերով եւ քաղաքական ու ընկերային հայեացքներով, միշտ ալ շեշտած է ընկերային հաւասարութեան անհրաժեշտութեան վրայ, ուր որ ալ ըլլայ ան: Շահածարաւ դրամատիրութեան բարքերն ու անոր ներկայացուցիչներուն անհաշուետուութիւնը իսկական չարիքներ են բարօրութեան հետամուտ եւ արդար վաստակով օրապահիկի կարօտ դասակարգին համար: Դասակարգ, որ օր մը պիտի պոռթկայ եւ պահանջէ իրմէ խլուած իրաւունքները: Պիտի պահանջէ՝ երբեմն կարծր քայլերով:
Ինչ որ կ’ապրինք այս օրերուն, ճնշուած լիբանանցիին բարկաճայթ զայրոյթն է, որ կը գոռայ՝ վե՛րջ շահածարաւ վերնախաւին. ես տէրն եմ իմ երկրին, իմ աշխատանքին, իմ քրտինքին եւ անկոտրում ջատագովը ընկերային արդարութեան:
Կը մնայ սպասել արդիւնքներուն: