
Սփիւռքի Յանձնակատարը Ֆրանսայէն Կը Պահանջէ Ապահովել Հայկական Հաստատութիւններուն Մէջ Անվտանգութիւնը
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Ֆրանսայի իշխանութիւններէն կը պահանջէ յաւուր պատշաճի անվտանգութիւն ապահովել ֆրանսահայ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններուն համար։ Այս մասին ան գրած է Facebook-ի իր էջին՝ անդրադառնալով Սեւրի Մխիթարեան միաբանութեան Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի վրայ յարձակման դէպքին:
«Զրուցեցի Վարդապետ Յարութիւն Պզտիկեանի (Մխիթարեան միաբանութեան անդամ) հետ։ Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին հասցուած վնասը շատ աւելի մեծ է քան կարելի էր պատկերացնել»,- գրած է Սինանեան:
Ան նկատած է, որ ատիկա արդէն երկրորդ նման յարձակումն է հայկական մշակութային կեդրոններու դէմ: Նման վանտալութիւնը Սինանեանը համարած է անընդունելի: «Յաջորդ օրերուն Ֆրանսայի իշխանութիւններէն պիտի պահանջենք յաւուր պատշաճի անվտանգութիւն ապահովել ֆրանսահայ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններուն համար»,- նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 23-ին յայտնի դարձած էր, որ յարձակում եղած է Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան հայկական վարժարանին վրայ, իսկ Հոկտեմբեր 20-ին ՀՀ դեսպանութիւնը տեղեկացուցած էր, որ յարձակում եղած է Nouvelles d’Armenie-ի գրասենեակին վրայ: