Յունաց Ազգային Տօնին Առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Տողանցքներ

Աշխարհ, Սփիւռք

Կը տեղեկացնենք, թէ Երկուշաբթի 28 Հոկտեմբեր 2019-ին յունաց ազգային տօնին առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղերու խումբերը պիտի տողանցեն Նէա Զմիռնիի եւ Նիքէայի մէջ հետեւեալ կերպով՝

Աթէնքի մասնաճիւղ՝ Նէա Զմիռնիի «Այիա Ֆոթինի»
պողոտային վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։

Գոքինիոյ մասնաճիւղ՝ Նիքէայի «Օսիա Քսէնի»
հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 11։00-ին։

Կը հրաւիրենք ծնողները եւ փափաքող հայրենակիցները ներկայ ըլլալու տողանցքներուն եւ քաջալերելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու մասնակցութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական շրջանային խորհուրդ