Եւրոխորհրդարանին Մէջ Իտալացի Պատգամաւորը Ցուցադրաբար Գետին Նետած է Թրքական Տուրմի Տուփը

Աշխարհ

Իտալիոյ խորհրդարանի աջակողմեան կուսակցութեան պատգամաւոր Անճելօ Չիոքան Եւրոխորհրդարանի (ԵԽ) արտահերթ նիստի տեղի ունեցած ելոյթի ժամանակ դատապարտած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ թրքական զինուժի «Խաղաղութեան աղբիւր» ռազմական գործողութիւնը:

 Այս մասին կը յայտնէ ermenihaber.am կայքը:

Իտալացի պատգամաւորը իր աղմկայարոյց ելոյթի ընթացքին ի պատասխան Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական գործողութեա` թուրք պատգամաւորներուն նուիրած տուրմի տուփը ցուցադրաբար գետին նետած է` միաժամանակ իր գործընկերներուն կոչ ընելով նոյնը ընելու իրենց բաժանուած տուրմի տուփերուն:

«Ես «ոչ» կ՛ըսեմ այդպիսի Թուրքիոյ»,- ըսած է պատգամաւորը:

Չիոքան նշած է, որ թրքական զինուժը կրակ բացած է քաղաքացիական բնակչութեան ուղղութեամբ եւ աւելցուցած, որ մարդասպաններուն ու ահաբեկիչներուն աջակցողներէն նուէր չեն ընդունիր:

Նշենք, որ տուրմի տուփին վրայ պատկերուած եղած է Թուրքիոյ դրօշը: