
Նայիրի Յունանեան Պայմանական Վաղաժամ Ազատ Արձակման Դիմում Ներկայացուց
«Հոկտեմբերի 27-ի» գործով ցմահ դատապարտուած Նայիրի Յունանեան, որ իր պատիժը կը կրէ «Երեւան Կենտրոն» բանտին մէջ, դիմած է վաղաժամ ազատ արձակման խնդրանքով։ Այս մասին լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան քրէակատարողական ծառայութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Նոնա Նաւիկեան։
Նաւիկեանի համաձայն՝ այս տարի կ՛ամբողջանայ Յունանեանի դատապարտման 20 տարին. ան պայմանական ազատ արձակման համար ներկայացուցած է դիմում, որ ընթացքի մէջ է։
Նայիրի Յունանեան 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ին եղբօր, քեռիին եւ քանի մը այլ անձերու հետ զինուած յարձակում գործած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին վրայ, երբ տեղի կ՛ունենար Ազգային ժողովի նիստ։
Գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ԱԺ նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ 6 այլ պետական գործիչներ ու ԱԺ պատգամաւորներ, 8 մարդ վիրաւորուած է: