
ԵԱՀԿ-ը Արցախի եւ Ատրպէյճանի Սահմանագիծին Վրայ Դիտարկում Իրականացուցած է
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, Հոկտեմբեր 23-ին, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ՝ Արցախի Մարտունիի շրջանի Բերդաշեն գիւղէն դէպի հիւսիս-արեւելք ինկած հատուածին:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա):
Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնական Օկնեն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա) եւ անձնական օգնական Սայմոն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա):
Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի:
Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: