Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին Մէջ Պիտի Բացուի «Փրկեալ Ձեռագործք Հայոց» Ձեռագործական Ցուցահանդէսը

Այլեւայլ, Հայաստան

Աստուածաբան, իրաւաբան Նարեկ Վան Աշուղաթոյեանի` արեւմտահայոց ձեռագործի անձնական հաւաքածոն կը ներառէ Վանի, Ուրհայի, Մարաշի, ինչպէս նաեւ հայերու կողմէ ժամանակին լայնօրէն օգտագործուող այլ կարի տեսակներով հարուստ ասեղնագործական բացառիկ ցուցանմուշներ: Աշխատանքները` սրբիչներ, սաւաններ եւ այլ կենցաղային իրեր, որոնք ստեղծուած են 1650-1915 թուականներուն, պիտի ներկայացուին «Փրկեալ ձեռագործ հայոց» ցուցահանդէսին մէջ: Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23-ին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Նարեկ Վան Աշուղաթոյեան պատմեց, որ ասեղնագործ բացառիկ նմուշներու մասին սկսած է հետաքրքրուելու , երբ իր տան մէջ յայտնաբերած է հայկական ձեռագործի քանի մը պատառիկ: Անոնք իր պապէն` նկարիչ Յովհաննէս Շարամբէեանէն ժառանգած գործեր են:

«Երբ ձեռքս առի դժուար ուղի անցած նմուշները, որոշեցի ուսումնասիրել ու հասկնալ, թէ անոնք ինչպէս կը մատուցուին միջազգային աճուրդներու մէջ:  Պարզուեցաւ`ընդհանրապէս հայկական բառը չի նշուիր: Այդ աշխատանքները կը ներկայացուին, որպէս օսմանական, թրքական, երբեմն` յունական: Ցանկացայ գնել զանոնք տարբեր վաճառասրահներէ, մասնաւոր հաւաքածոներէ, բերել Հայաստան եւ ցուցադրել այստեղ»,- նշեց Աշուղաթոյեան:

Ան շեշտեց, որ հրատարակած են գիրք, ուր զետեղուած է ցուցանմուշներուն մէկ մասը, միւս մասը ներկայացուած է ցուցահանդէսին:

«Ուրախ եմ, որ այսօր հնարաւորութիւն ունինք առանց ոեւէ մէկուն հաշուետու ըլլալու ըսել, որ կը ցուցադրենք մեր նախնիներու ժառանգութիւնը, եւ շատ կարեւոր է, որ հանրութիւնը ատիկա իմանայ»,-շեշտեց ան:

Ազգագրագէտ Հրազդան Թոքմաջեան անդրադառնալով ձեռագործ աշխատանքներուն՝ ընդգծեց, որ վերջին տասը տարուան ընթացքին ասեղնագործութեան եւ ձեռագործ աշխատանքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աճած է, որուն պատճառը անոնց մասին հրատարակուած գիրքերն են, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութիւններու`մշակութային միութիւններու, հիմնադրամներու գործունէութիւնն է:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 23: