
Թրքական Բանակը Գրաւեց Ռաս Ուլ Այնը, Ամերիկեան Ուժերը Հեռացան Հալէպի Ու Ռաքքայի Նահանգներէն
Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակն ու անոր վարձկանները երէկ գրաւած են Սուրիոյ Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ռաս Ուլ Այն քաղաքը:
«Մայատին» իր կարգին հաղորդեց, որ Հալէպ եւ Ռաքքա նահանգներուն մէջ գտնուող ամերիկեան ուժերը ամբողջովին հեռացած են նշեալ նահանգներէն:
Ամերիկեան ուժերը 60 մեքենաներով եւ բեռնակառքերով շրջանէն հեռացած են Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Սարին օդակայանէն:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ ամերիկեան զինուորական շարասիւն մը մուտք գործած է Հոլ ճամբար, ուր կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու ընտանիքները, մինչ նոյն պահուն ճամբարին վերեւ թռիչքներ կը կատարէին երկու ուղղաթիռներ:
Ամերիկեան ուժերը ճամբարէն անորոշ ուղղութեամբ հեռացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու շարք մը կիներ:
Ամերիկեան ուժերը Այն Արապի օդակայանէն հեռանալէ առաջ հրկիզած են թղթածրարներ եւ փաստաթուղթեր:
Հասաքէի հիւսիսային գիւղական շրջանի Խարապ Ժիր ռազմակայանին մէջ գտնուող ֆրանսական ուժերը իրենց կարգին հեռացած են շրջանէն:
ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերը քանդած են Թել Պայտար շրջանին մէջ գտնուող Քլէյպ ոչ օրինական ռազմակայանը եւ կը պատրաստուին հեռանալ Հասաքէի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող իրենց ռազմակայանէն:
ՍԱՆԱ նշեց, որ ամերիկեան ուժերը շրջանէն կը հեռանան Իրաքի ուղղութեամբ: