
«Աւրորա» Համաժողովը Ամփոփուեցաւ Տաթեւի Մէջ
«Աւրորա» համաժողովի յագեցած շաբաթը ամփոփուեցաւ 9-րդ դարու Տաթեւի վանական համալիրի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ “Մեդամաքս”-ը։
2008-էն «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի ջանքերով վերականգնուող վանական համալիրին մէջ տեղի ունեցած են ձեռնարկներ` ներկայացնելով երաժշտութեան հայկական ազգային դպրոցի 150-ամեայ հարուստ աւանդոյթները եւ մեծարելով հայ ականաւոր երգահան, ուսուցիչ, խմբավար Կոմիտասը:
Ձիթhանի մէջ ներկայացուած է «Կոմիտաս. հանճարի ճանապարհները» խորագիրով բացառիկ ցուցադրութիւնը, ուր ներառուած էին Կոմիտասի` Կովկասի, Եւրոպայի, Օսմանեան կայսրութեան եւ Եգիպտոսի մէջ տարբեր տարիներու լուսանկարները եւ այդ վայրերուն մէջ անոր գործունէութիւնը ներկայացնող տեղեկութիւններ:
Ցուցադրութեան այցելուները հնարաւորութիւն ունեցած են ունկնդրելու Վարդապետին ստեղծագործութիւնները Կոմիտասի անուան լարային քառեակի կատարողութեամբ:
«խորհրդանշական է, որ այս ցուցադրութիւնը բացուած է Տաթեւի վանական համալիրին մէջ, որ դարեր շարունակ եղած է Հայաստանի հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Կոմիտասը նաեւ մեծ ուսուցիչ ու մանկավարժ էր, որ իր գիտելիքներն ու հմտութիւնները տարածեց աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ»,- ըսած է ցուցադրութեան համադրող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեան:
Տաթեւի վանական համալիրի թանգարանային հատուածին մէջ, ուր IDeA հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրով վերջերս աւարտած են վերականգման աշխատանքները, ներկայացուած էր սիւնեցի նկարիչներու եւ քանդակագործներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Գեղանկարներու եւ քանդակներու միջոցով արուեստագէտները արտայայտած էին իրենց անսահման սէրը դէպի հայրենիք:
Ցուցահանդէսներէն բացի, Տաթեւի մէջ ներկայացուած էին վանական համալիրի պատմական ցուցանմուշները, որոնց մէկ մասը յայտնաբերուած է 2008-էն տեղի ունեցող վերականգման եւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին․ Խաչքարեր, ափսէներ, մոմակալներ, ծիսական զարդեր, ծխնելոյզի մասեր, 18-րդ դարի պնակներ վրան արձանագրութիւններով, վանքի դրան հին բանալին եւ վանքի 1304-ի պատմական զանգը: Ցուցանմուշներուն մէջ ներկայացուած էին նաեւ Մատենադարանի 4 պատմական ձեռագիրներու կրկնօրինակները:
Տաթեւի վանական համալիրին մէջ` Սուրբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, «Հովեր» երգչախումբը կատարեց հատուածներ Կոմիտասի «Պատարագ»-էն, որ կը համարուի Վարդապետի ստեղծագործութիւններուն գլուխգործոցը: