«Աւրորա» Ամենամեայ Մրցանակի Չորրորդ Դափնեկիր Ճանչցուեցաւ Միրզա Տինային

Հայաստան

«Աւրորա» ամենամեայ մրցանակի չորրորդ դափնեկիր ճանչցուեցաւ «Օդային կամուրջ Իրաք» (LuftbrückeIrak) կազմակերպութեան համահիմնադիր եւ ղեկավար Միրզա Տինային: Մարդասիրական մղումներէ դրդուած` Տինայի, յաղթահարելով դիւանակալային  եւ ճանապարհային բազմաթիւ խոչընդոտներ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող բազմաթիւ հակամարտութիւններու ընթացքին կրցած է օգնել  ծանր կացութեան մէջ մատունած եզիտիներու: Միրզան 2019-ին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր հռչակուեցաւ «Աւրորա» համաժողովի ծիրին մէ, Հոկտեմբեր 19-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին:

Միրզա Տինայի պիտի ստանայ 1,000,000 տոլարի պարգեւ, որով ան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ շարունակելու մարդասիրութեան շղթան` աջակցութիւն ցուցաբերելով ժամանակին իրեն ոգեշնչած կազմակերպութիւններուն: Ան ընտրած է երեք կազմակերպութիւն, որոնք բժշկական օգնութիւն եւ վերականգնողական ծառայութիւններ կը տրամադրեն «Իսլամական պետութեան» կողմէ ահաբեկչութենէն տուժածներուն: Այդ կազմակերպութիւններն են.

LuftbrückeIrak Irak կազմակերպութիւն («Oդային կամուրջ Իրաք»)

«Սիտ» հիմանդրամ (SEED Foundation)

«Շայ» հիմնադրամ (ShaiFund):

«Աւրորա» մրցանակը կը տրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն: