
Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչը Հրաժարական Տուաւ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցը հրաժարական տուաւ: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ֆուտբոլի ֆետերասիոնը: Ըստ մարզիչին, ան կը հրաժարի, որովհետեւ հաւաքականը չկրցաւ Եւրօ 2020-ի եզրափակիչ փուլի ուղեգիր նուաճել:
«Մէկ տարիէ կը զբաղեցնեմ Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզչի պաշտօնը: Այս ընթացքին եղած են թէ՛ ուրախութեան, թէ՛ տխրութեան պահեր` կապուած հաւաքականի ելոյթներուն հետ: Ընտրական փուլը դեռ չէ աւարտած, բայց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռանալու բարդ որոշում կայացուցած եմ, քանի որ չեմ կրցած արդարացնել Հայաստանի հաւաքականի համակիրներու յոյսերը` խումբը հասցնել Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ փուլ: Այժմ մեր հնարաւորութիւնները միայն տեսական են, եւ, թէեւ իմ առջեւ ի սկզբանէ նման խնդիր չէր դրուած, միշտ զգացած եմ պատասխանատւութիւնը․․․», ըսած է մարզիչը շնորհակալութիւն յայտնելով հաւաքականի անձնակազմին եւ համակիրներուն, որոնք աջակցած են իրենց:
ՀՖՖ նախագահ Արթուր Վանեցեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արմէն Գիւլբուդաղեանցին կատարած աշխատանքին համար՝ նշելով, որ իրեն համար դժուար է ընդունիլ մարզիչին հրաժարականը: