
Շառլ Ազնաւուրի Որդին Ընտանիքով Տեղափոխուած է Հայաստան
Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլայ Ազնաւուրը, ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան: Նիքոլան եւ կինը` Քրիստինա Սարգիսեանը, Գիւմրիի մէջ այս մասին յայտնած են լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:
«Գիւմրին մեր ընտանիքի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ուրախութեամբ կու գանք Գիւմրի, եւ այս այցը առաջին անգամ չէ»,- նշած է Նիքոլան:
Շառլ Ազնաւուր իր բարեգործական գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ սկսաւ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք: Յաջորդող 30 տարիներու ընթացքին անոր ներդրած մարդասիրական ջանքերը ուղղուած են երկրի մէջ իրականացուող բազմաթիւ բարեգործական ծրագիրներու:
2016-ին Շառլ Ազնաւուրն ու անոր որդին` Նիքոլայ Ազնաւուրը, որոշեցին հետամուտ ըլլալ այս գործունէութեան եւ ստեղծեցին «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որուն նպատակն է շարունակել կրթական, ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներու նախագծումն ու իրականացումը: «Ազնաւուր» հիմնադրամի առաջին նախագիծը Երեւանի մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծումն է, ուր պիտի գործեն աշխահրահռչակ արուեստագէտին թանգարանը, ինչպէս նաեւ եզակի կրթամշակութային կեդրոն երիտասարդներու համար: