
Հայաստան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Եւ Լրագրողներուն Թիւը Աւելցած Է
Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը այս տարուան առաջին կիսամեակին աւելցած է շուրջ 12.3 տոկոսով: Երկրի ճանաչելիութեան բարձրացման համար նախաձեռնուած են քարոզչական տարբեր քայլեր, որոնց իբրեւ արդիւնք Հայաստան եկած են շարք մը լրագրողներ եւ պլոկըրներ:
Ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ այս տուեալները փոխանցեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, որուն համաձայն, Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը, առաջին կիսամեակին, կազմած է 770 հազար մարդ, ինչ որ 12.3 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանէն։
Նախարարը նշեց, որ ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան եկած են Զուիցերիոյ Լրագրողներու միութենէն 17 ներկայացուցիչներ, որոնք անկէ ետք Հայաստանի մասին 30-է աւելի յօդուածներ հրապարակած են: Նախարարը վստահութիւն յայտնեց, որ այդ ժամանակաշրջանին զբօսաշրջիկներուն համար նոր ճանաչողութիւն աւելցած է Հայաստանի մասին:
Խաչատրեան խօսեցաւ նաեւ առեւտրատնտեսական հարցերով հայ-չինական միացեալ յանձնաժողովի նիստին մասին՝ քանի մը կէտի վրայ կեդրոնանալով։ «Ատիկա UnionPay վճարային համակարգի կիրառելիութեան համար բաւարար պայմաններու ստեղծումն է Հայաստանի մէջ: Երբ մենք ատիկա ընենք, էապէս պիտի բարձրացնենք չինացի զբօսաշրջիկներու՝ Հայաստանի մէջ գտնուելու յարմարաւէտութիւնը: Չինաստանի մէջ ատիկա ամենատարածուածն է, եւ գործնականօրէն միակը, որ չինացի զբօսաշրջիկները կրնան օգտագործել դուրս գտնուելու ժամանակ», ըսաւ նախարարը եւ նշեց, որ կը կարծէ, թէ ատիկա էապէս պիտի նպաստէ չինացի զբօսաշրջիկներու թիւի աճին։