
ԱՄՆ Սուրիոյ Գծով Համաձայնած է Թուրքիոյ Ներկայացուցած Պայմաններուն. Չաւուշօղլու
Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ գծով տեղի ունեցած բանակցութիւններուն համաձայնած է Թուրքիոյ ներկայացուցած պայմաններուն, որ քրտական զօրամիաւորումները պէտք է մնան առանց ծանր զինուորական սարքերու. կը հաղորդէ «Երկիր»-ը՝ վկայակոչելով «Ինթըրֆաքս»-ին:
«Անվտանգութեան գօտին, որ պիտի ստեղծուի Սուրիոյ հիւսիսը, պիտի վերահսկուի Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ»,- շեշտած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ու մանրամասնած` Թուրքիան ընդամէնը կը կանգնեցնէ ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիսը եւ ոչ ամբողջովին կը դադրեցնէզանոնք:
«Հրադադարի մասին խօսք չէ եղած»,- պարզաբանած է Չաւուշօղլու:
Թուրքիոյ ԱԳ ղեկավարը նշած է նաեւ, որ «Խաղաղութեան ակունք» գործողութեան աւարտի մասին կրնան խօսիլ միայն այն ժամանակ, երբ «բոլոր ահաբեկիչները հեռանան անվտանգութեան գօտիէն»: Յիշեցնենք, որ Անգարան Սուրիոյ հիւսիսը տեղակայուած քրտական զինուած խումբերու մարտիկներուն ահաբեկիչ կը համարէ:
Բացի այդ` Չաւուշօղլու վերահաստատած է ԱՄՆ փոխնախագահ Մայք Փենսի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն` քրտական ստորաբաժանումները պէտք է դուրս բերուին 120 ժամուան ընթացքին, ու աւելցուցած է նաեւ, որ կողմերը նաեւ պիտի շարունակեն համագործակցել ԻՊ-ի դէմ պայքարին: