
Եւրոպական Ամենամեծ Ճամբորդական Ընկերութիւնը Հայաստանէն Եւրոպա Թռիչքներ Պիտի Կատարէ 2020-էն Սկսեալ
Եւրոպական մեծագոյն Ryanair իրլանտական ճամբորդական ընկերութիւնը մուտք գործեց Հայաստան։ Այս մասին ազդարարեցին Ryanair ընկերութեան առեւտրական բաժինի ղեկավար Տէյվիտ Օբրայեն, «Արմենիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ եւ Քաղաքացիական աւիացիայի կոմիտէի նախագահ Տաթեւիկ Ռեւազեան, 16 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ Ընկերութիւնը առաջին թռիչքը պիտի կատարէ Յունուար 14-ին՝ Երեւանը կապելով Հռոմին եւ Միլանին, ապա՝ Մարտի վերջը պիտի գործէ Պերլինի ուղղութիւնը, իսկ Գիւմրին Գերմանիոյ Մեմինկըն քաղաքին պիտի կապուի Մարտի աւարտին։
Տէյվիտ Օբրայեն ըսաւ, որ իրենց ընկերութիւնը մեծագոյնն է Եւրոպայի մէջ եւ ունի մեծագոյն ցանցը։ Անոնք ոչ միայն կը կապեն մայրաքաղաքներ, այլ կը միաւորեն շրջաններ: «Մեզի համար առեւտրական շահէն բացի, կարեւոր է նաեւ համարկումը: Ունինք 86 բազաւորման խարիսխներ: Ան հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանը կապել այդ կեդրոններու՝ քաղաքներու հետ: Վերջերս բացած ենք բազաւորման կէտեր Մարսէլի, Թուլուզի եւ Պորտոյի մէջ, ուրշատ հայեր կը բնակին: Յաջորդ տարի նոր ուղղութիւններէն պիտի ըլլան Վրաստանը, Լիբանանը: Կը սպասարկենք 152 միլիոն յաճախորդի, յաջորդ տարիներուն կը ցանկանք այդ թիւը հասցնել 200 միլիոնի: Ryanair ընկերութիւններու խումբը բաղկացած է չորս ընկերութենէ՝ 500 օդանաւով: Չուերթները կ՛իրականացնենք 234 օդականներու միջոցով այնպիսի ցած գիներով, որոնց հետ ոչ ոք կրնայ մրցիլ», նշեց Օբրայեն: Ըստ անոր՝ Հայաստան այսպիսով դարձաւ ընկերութեան 40-րդ երկիրը, իսկ տոմսերուն նուազագոյն արժէքը 4.99 եուրօ է, իսկ միջին գինը տարբեր ուղղութիւններով՝ 35 եուրօ:
Երեւանէն շաբաթական երկու անգամ իւրաքանչիւր ուղղութեամբ պիտի կատարուին թռիչքներ, սակայն հետագային անոնք պիտի աւելնան։ Ընկերութիւնը պիտի չբաւարարուի շաբաթական վեց թռիչքով: Տոմսերը արդէն իսկ սկսած են վաճառուելու։
Այս կարեւոր իրադարձութեան արձագանգեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ եւրոպական այս կարեւոր ընկերութեան մուտքը Հայաստան հնարաւոր պիտի ըլլայ ո՛չ միայն տոմսներու գիներու նուազեցման, այլ նաեւ զբօսաշրջիկներու հոսքին յաւելման: