Թրքական Օդանաւերը Հարուածած են Սուրիոյ Քրտական Ուժերու Շտապը

Աշխարհ

Թրքական օդուժը Հոկտեմբեր 7-ին հարուածած են սուրիական ժողովրդավարական ուժեր (ՔԴԿ) դաշինքի մէջ ներառուած քրտական ուժերու շտապը ` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Հասաքէ նահանգի ալ Մալիքիա քաղաքին մէջ, կը յայտնէ Al Mayadeen հեռուստաալիքը:

Աղբիւը զոհերու եւ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չի հաղերդեր։

Ըստ տեղեկութիւններու` օրուան ընթացքին թրքական օդուժը բազմաթիւ թռիչքներ կատարած է սահմանային տարածքին մէջ եւ միայն երեկոյեան յարձակած է ՔԴԿ-ի շտապին վրայ: Թուրքիոյ օդուժի գրոհը իրականացուած է Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանի՝ ` ահաբեկչական համարուող քրտական ուժերու դէմ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու վերաբերեալ յայտարարութիւններէն ետք:

Երկուշաբթի ԱՄՆ, որ քիւրտերու «դաշնակից» «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ահաբեկիչներու դէմ պայքար կը մղէր, սկսաւ ռազմական անձնակազմ եւ սարքաւորումներ դուրս բերել Ռաս էլ Այնի եւ Թել Ապիատի մէջ տեղակայուած ռազական կայաններէն: Քիւրտերը այդ գործողութիւնները համարեցին երաշխիքներու խախտում, որ Ուաշինկթըն տուած էր քիւրտ բնակչութեան, եւ նախազգուշացուցին, որ ԻՊ խմբաւորման սպառնալիքները կրնան մեծնալ ԱՄՆ-ի եւ անոր արեւմտեան դաշնակիցներու Սուրիայէն դուրս գալէն ետք:

Ըստ Al Hadath հեռուստեսիլի կայանին`  Թուրքիա Իտլիպէն Եփրատի արեւելեան ափի մօտ տեղափոխած է սուրիական ընդդիմութեան ստորաբաժանումները, որոնք, ըստ երեւոյթին, պիտի մասնակցին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու դէմ գործողութիւններուն: