Արամ Ա. Կաթողիկոս Հոլանտայի Մէջ

Սփիւռք

Հրաւէրով Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն արքեպիսկոպոսին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Հոլանտա: Օդակայանին մէջ արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց վեհափառ հայրապետը, ապա անոնք ուղղուեցան Իւթրեխթ, ուր կը գտնուի յիշեալ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին:

Վեհափառ հայրապետը այցելեց Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայր տաճարը` իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, եւ հանդիպում ունեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ` անոր օգնականներուն ներկայութեան:

Ապա, վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպաններուն կողմէ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ճաշկերոյթին, Լա Հէյի մէջ: Ընդունելութեան ներկայ էին արաբական երկիրներու դեսպաններ եւ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ:

Նոյն օրը երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն տրուած ընթրիքին` Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին կողմէ կազմակերպուած: Ընթրիքը առիթ մը եղաւ քննարկումներ կատարելու միջեկեղեցական ու աստուածաբանական հարցերու շուրջ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած էին ներկայ ժամանակներու եկեղեցւոյ առաքելութեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դասախօսեց Հոլանտայի Իւթրեխթ Քաղաքին Մէջ

Շարունակելով իր պաշտօնական այցելութիւնը Հոլանտա` Արամ Ա. կաթողիկոս Հոկտեմբեր 3-ի առաւօտեան Իւթրեխթէն մեկնեցաւ Լա Հէյ` Հոլանտայի քաղաքական մայրաքաղաքը, Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ճորիս Վերքամեն արքեպիսկոպոսին հետ միասին եւ հանդիպում ունեցաւ իշխող կուսակցութեան արտաքին յարաբերութեանց խորհրդարանի յանձնախումբի ատենապետին հետ, քաղաքի կառավարական շէնքին մէջ: Խորհրդակցութեան առանցքը Միջին Արեւելքն էր, անոր ծիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ու Հոլանտայի յարաբերութեանց:

Նոյն օրը վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական ու ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման եւ պարզեց իր մօտեցումները եկեղեցիներուն դիմագրաւած կարգ մը զգայուն հարցերու գծով:

Երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը արքեպիսկոպոս Ճորիսին հետ նախագահեց երեկոյեան հանդիսաւոր եկեղեցական արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին:

Աւելի ուշ, վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Իւթրեխթի համալսարանի աստուածաբանութեան դասախօսներէն դոկտ. Փիթըր Պեն Սմիթ ներկայացուց վեհափառ հայրապետը` վեր առնելով վեհափառին հարուստ փորձառութիւնը աստուածաբանական ու միջեկեղեցական բնագաւառներուն մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր դասախօսութիւնը բաժնած էր երեք բաժիններու: Առաջին բաժինին մէջ ան ընդգծեց Միջին Արեւելքի իւրայատկութիւնները` կրօնական, մշակութային ու քաղաքական մարզերուն մէջ: Երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը մատնանշեց եկեղեցիներուն դիմագրաւած գլխաւոր մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները, իսկ երրորդ բաժինով ան անդրադարձաւ ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ազդու միջոցներուն:

Աւելի քան ժամ մը տեւած դասախօսութենէն ետք վեհափառ հայրապետը պատասխանեց ներկաներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:

Վեհափառ հայրապետին դասախօսութեան փակումը կատարեց Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն արքեպիսկոպոսը: Ան, իր կարգին, գնահատեց վեհափառ հայրապետին պարզած մտածումներն ու կատարած վերլուծումները: