
«Աւրորա»-ի Ներկայացուցիչները Ստացան Հռոմի Պապի Օրհնութիւնը
Հոկտեմբեր 2-ին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի յատուկ օրհնութեան Վատիկան կատարած այցի ընթացքին:
Ասիկա պատուիրակութեան` Հռոմ կատարած ծաւալուն այցի մէկ մասն է, որու ընթացքին կայացան շարք մը հանդիպումներ Վատիկանի եւ համայնքի առաջնորդներու հետ:
Վատիկան կատարած այցին ներկայ էին «Աւրորա»-ի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեան ու Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» համաշխարհային ամենամեայ մարդասիրական մրցանակի երեք դափնեկիրներ` Թոմ Քաթինա, Մարգարիտ Պարանկիցէ եւ Չոյ Լա Աուն: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի քարտուղար քարտինալ Փիեթրօ Փարոլինիի հետ:
Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպման ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները խնդրեցին Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ամենախոցելի եւ ծայրայեղ կարիքի մէջ գտնուող համայնքներու մէջ աղքատութիւնը կրճատելու, առողջապահութիւնը բարելաւելու եւ կրթութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Պատուիրակութիւնը ներկայացուց նաեւ #AraratChallenge շարժումը, որու նպատակն է ոգեշնչել մարդկիկ` ներկայացնելու երախտագիտութեան սեփական պատմութիւնը, կատարելով նուիրատուութիւն եւ մաս կազմելով մարդասիրական շարժման:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է ստանալ Նորին Սրբութեան յատուկ օրհնութիւնը: Առաջնորդուելով «երախտագիտութիւնն` ի գործ» գաղափարը տարածելու եւ ատոր ազդեցութիւնը առաւելագոյնի հասցնելու յանձնառութեամբ` կարեւոր է, որպէսզի մենք սերտ յարաբերութիւններ կառուցենք հոգեւոր, կառավարական, մասնաւոր հատուածներու եւ մշակոյթի ականաւոր դէմքերու հետ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ: Այսօր Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ընդգծելու «Աւրորա» նախաձեռնութեան կարեւորագոյն գործունէութիւնը ու անհրաժեշտութիւնը աւելի մեծ աջակցութեան, քանի որ մենք կ՛ընդլայնենք մեր ջանքերը երկարաժամկէտ նպատակներով»,- ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան:
«Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի եւ Նորին Գերազանցութիւն քարտինալ Փիեթրօ Փարոլինիի հետ հանդիպումները լաւ առիթ էին` ամփոփելու կատարած եւ վերագնահատելու «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործունէութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը: Այնուամենայնիւ, մեր գործը դեռ նոր սկսած է: Այս ամիս Երեւանի մէջ սպասուող առաջին «Աւրորա» ֆորումին մենք պիտի քննարկենք համաշխարհային մարտահրաւէրները` փորձելով գտնել լուծումներ»,- նշած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ եւ 2017-ի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Թոմ Քաթինա աւելցուցած է. «2017-ին միանալով «Աւրորա»-ի համայնքին` ինծի համար պատիւ է անձամբ հետեւիլ այն անհաւանական աշխատանքին, զոր կ՛ընէ մեր նախաձեռնութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Որպէս կաթոլիկ միսիոնար` մեծ պատիւ էր այս այցի ժամանակ հանդիպիլ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին: Աննկարագրելի յուզուած եմ: Միայն համաշխարհային մտքի առաջնորդներու եւ փորձագէտներու հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջնագիծի վրայ աշխատող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր է շարունակել մեր աշխատանքը երկար ժամանակ»:
Եւս երկու շաբաթ եւ Հոկտեմբեր 14-21 Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին «Աւրորա» համաժողովը: