Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Վլատիմիր Փութինի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղեկացուցած է, որ Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ երկու հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

 Հոկտեմբեր 1-ի ուշ երեկոյեան Փաշինեան գրած էր.

«Եւս մէկ մէկուկէս ժամնոց հանդիպում ունեցայ ՌԴ նախագահին հետ: Հանդիպումը կայացաւ «Զուարթնոոց» օդակայանին մէջ: Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները յուսալի եւ դրական հունի մէջ են: ՌԴ նախագահը քիչ առաջ մեկնեցաւ Հայաստանէն»:

Նախապէս, առաջին հանդիպումէն ետք, Հայաստանի վարչապետը գրած էր.

«Փայլուն զրոյց ունեցանք ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Մեր ռազմավարական յարաբերութիւնները ուժեղ զարգացում կ՛ապրին»:

 Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, առաջին հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, ըսած է.

«Մեզի համար շատ կարեւոր են մեր երկկողմ յարաբերութիւնները: Ռուսիան մեզի համար ռազմավարական գործընկեր է եւ մենք այդ ռազմավարական գործընկերութիւնը աւելի ու աւելի ամուր դարձնելու յոյս ունինք: Եւ շնորհակալութիւն պատրաստակամութեան, մեր յարաբերութիւններու ընկալման համար: Վստահ եմ, որ մեր յարաբերութիւնները պիտի ըլլան աւելի ու աւելի ամուր: Ամէն պարագայի  մենք այդպէս տրամադրուած ենք»:

Վլատիմիր Փութին, իր հերթին, ըսած էր.

 «Ես իմ կողմէն կը ցանկամ հաստատել մեր յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը, անոնք ամրապնդուած են ոչ միայն վերջին տարիներու եւ տասնամեակներու իրադարձութիւններով, այլ մեր ժողովուրդներու յարաբերութիւններու դարաւոր պատմութեամբ: Իսկ Ձեզի` որպէս ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահողի, կը ցանկամ շնորհաւորել Երեւանի մէջ կայացած գագաթնաժողովի արդիւնքներուն կապակցութեամբ: Անոնք իսկապէս լաւ են եւ երրորդ կողմի երկիրներու հետ կապերու զարգացման տեսանկիւնէն, եւ, որ, աւելի կարեւոր է մեզի համար, ոչ մէկ խնդիր առաջացաւ, հակառակը, կազմակերպութեան մէջ մասնակից պետութիւններու միջեւ բոլոր համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են: Դուք այն մարդն էք, որ ներդրած է առաւելագոյն ջանքեր` նման արդիւնաւէտ աշխատանքի համար: Ատոր համար ես կ՛ուզեմ ոչ միայն շնորհաւորել ձեզ, այլ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել»:

Հանդիպման ընթացքին Վլատիմիր Փուտին Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Ռուսիա: