ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յառաջիկային Պիտի Այցելեն Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Աշխարհ, Հայաստան

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Իկոր Փոփով, Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Էնտրիւ Շոֆըր, յառաջիկային պիտի այցելեն Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Այս մասին անոնք հաղորդեցին 25 սեպտեմբերին` իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նիստի ծիրին մէջ միացեալ եւ անհատական հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին համանախագահներուն միացած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

Համանախագահները նաեւ հանդիպած են ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի եւ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ համանախագահները երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն տեղեկացուցած են յունիսին Ուաշինկթընի մէջ ունեցած միացեալ հանդիպումէն ետք իրենց գործունէութեան մասին, ներառեալ վերջերս Փարիզի մէջ եւ Ժընեւի մէջ ունեցած խորհրդակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ:

Համանախագահները նշած են ամրան ընթացքին բռնարարքներու նուազեցման ուղղուած կողմերու ջանքերուն դրական արդիւնքները` խոր ափսոսանք յայտնելով վերջին դժբախտ պատահարին առնչութեամբ: Համանախագահներն ու նախարարները քննարկած են լարուածութեան թուլացման ուղղուած լրացուցիչ միջոցներու կիրարկման կարելիութիւնը եւ առարկայական քննարկումներու համար նպաստաւոր մթնոլորտի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: