Նորա Արիսեան` Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբի Անդամ

Աշխարհ, Սփիւռք

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, պատմաբան, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի խմբագիր դոկտ. Նորա Արիսեան մաս կազմեց Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբին:

Վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդած լուրը՝ «Ազդակ» կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Կիր Փետերսոնի Սուրիա այցելութեան ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբի կազմութեան շուրջ:

Սուրիոյ ներկայացուցած յանձնախումբը կը բաղկանայ 50 անդամ հաշուող անձնակազմէ մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ դոկտ. Նորա Արիսեան: