
Մեծն Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակն է
Այսօր մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրն է: Յոբելեանական 150-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն մեկնարկը կը տրուի Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգիի պանթէոնէն, ուր ամփոփուած է անոր մարմինը:
Կոմիտաս (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան). Ծնած է 1869-ի Սեպտեմբեր 26-ին Քութահիա քաղաքին մէջ (Թուրքիայ): Երգահան, երաժշտագէտ, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ, հայկական ազգային խմբավարութեան դպրոցի հիմնադիր: Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսանելու տարիներուն յատուկ ուշադրութեան տրուած է Կոմիտասի երաժշտական դաստիարակութեան: Վաղ տարիքին հիմնովին իւրացուցած է հայ նոթագրութիւնն ու հոգեւոր երաժշտութիւնը, հաւաքած է ժողովրդական երգեր, ստեղծագործական փորձեր կատարած: 1893-ին աւարտելով ուսումը` նշանակուած է երաժշտութեան ուսուցիչ եւ Մայր տաճարի խմբավար, 1894-ին ձեռնադրուած կուսակրօն աբեղայ (անուանակոչուած Կոմիտաս), 1895-ին` վարդապետ (Կոմիտաս վարդապետ): 1896-99-ին Պեռլինի էջ, Ռ. Շմիտթի մասնաւոր երաժշտանոցին եւ համալսարանին մէջ ուսումնասիրած է յօրինելու տեսութիւն, երաժշտութեան պատմութիւն եւ գեղագիտութիւն, խմբավարութիւն, մշակած է ձայնը, սորված է նուագել դաշնամուր եւ երգեհոն: Միջազգային երաժշտական ընկերութեան հիմնադիր-անդամներէն էր, հանդէս եկած է հայ երաժշտութեան մասին զեկուցումներով:
1899-էն Էջմիածինի մէջ շարունակած է գիտական, ստեղծագործական եւ մանկավարժական աշխատանքը, ժողովրդական երգերու հաւաքումը, ճեմարանի խումբով համերգներ տուած էջմիածինի, Երեւանի, Թիֆլիսի, Պաքուի, Զուիցերիոյ քաղաքներու եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մէջ: 1906-ին Ֆրանսայի «Լամուրէօ» ընկերութեան երգչախումբի հետ հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու իր մշակումները մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է Փարիզի մէջ:
1910-ին տեղափոխուած է Կ. Պոլիս, ստեղծած երգչախումբ, համերգներ տուած Կ. Պոլսոյ, Ատափազարի, Պարտիզակի, Ալեքսանդրիոյ, Գահիրէի մէջ եւ այլուր: 1915-ի Ապրիլ 2-3-ին Պոլսոյ Պայազետ թաղի «Թուրք օջախ» մշակութային կեդրոնի հրաւէրով հանդէս եկած է զեկուցումներով եւ համերգով:
1915-ի Ապրիլ 24-ին թրքական կառավարութեան կազմակերպած հայկական կոտորածը ընդհատած է Կոմիտասի բեղմնաւոր գործունէութիւնը: Եղեռնի եւ աքսորի մղձաւանջի ազդեցութեամբ կորսնցուած է մտաւոր հաւասարակշռութիւնը եւ մինչեւ կեանքի վերջը (Փարիզի հոգեբուժարաններու մէջ) չէ ապաքինուած:
Կոմիտասի բազմակողմանի գործունէութեան մէջ առաւել կարեւոր են ստեղծագործական, հաւաքչական ու գիտական աշխատանքները: Ժողովրդական երգերը ան գրառած է ժողովուրդի պատմութեան ու հոգեբանութեան խորիմացութեամբ եւ գիտական վերլուծական մօտեցումով: Անոնք կը դրսեւորեն հայ ազգային ոճն ու լեզուն, արտայայտչամիջոցներու բազմազանութիւնն ու ինքնատիպութիւնը: Կոմիտասի հեթանոսական հորովելները, «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Մոկաց Միրզա» վիպական ասերգերը, միջնադարեան անտունիները եւ հոգեւոր տաղերը, յիրաւի, պատմամշակութային խոշոր յայտնագործութիւններ են: Կոմիտասի հայկական գեղջկական երգերը ժողովրդական երգարուեստի իւրատեսակ պատմագրութիւնն են: Տեսական աշխատանքներուն մէջ Կոմիտասը բացայայտած է ժողովրդական երաժշտութեան կենսական հիմքերը, երգաստեղծութեան սկզբունքները եւ յատկանիշները, դասակարգած տեսակներն ու բնութագրած գեղագիտական արժանիքները: Սկզբունքօրէն կարեւոր են Կոմիտասի` ժողովրդական եւ հոգեւոր երաժշտութեան միասնութեան հիմնադրոյթը եւ հնագոյն խազագրութեանն առնչուող մտայանգումները:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը, որ գլխաւորապէս վոքալ` մեներգային եւ խմբերգային է, կը բաժանուի երկու հատուածի` ժողովրդական կամ հոգեւոր սկզբնաղբիւրի վրայ հիմնուած եւ բուն հեղինակային գործեր («Առ գետս Բաբելացւոց» սաղմոսը, Հ. Պարոնեանի խօսքերով` «Քաղաքավարութեան վնասներ» երաժշտական պատկերները, Հ. Յովհաննիսեանի խօսքերով` «Ու՞ր ես գալի, ա՛յ գարուն» կանտատը, Թումանեանի խօսքերով` «Մութն էր երկինքը» ռոմանսը, «Կաքաւի երգը» եւ այլն): Կոմիտաս առաւել կարեւորութիւն տուած է ժողովրդական սկզբնաղբիւրին հիմնուած երկերը («Գարուն ա», «քելեր, ցոլեր», «Լոռու գութան երգ», «Ծիրանի ծառ», «Անտունի», «Լուսնակն անուշ» եւ այլն), որոնց մէջ կը զգացուի ժողովրդական նիւթի նկատմամբ Կոմիտասի անհատականութեան զօրեղ ներգործութիւնը, ներդաշնակութեան, մասնաւորապէս բազմաձայնութեան բացառիկ ինքնատիպ եւ ժամանակի նորագոյն միջոցներու ու հնարքներու վարպետ կիրառումը, ժողովրդական երաժշտութեան եւ ժամանակակից եւրոպական յօրինումի միջոցներու խելամիտ համադրումը: Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը լայն հեռանկարներ բացաւ ազգային երաժշտարուեստի զարգացման գործին մէջ, նկատելի ազդեցութիւն ունեցաւ արեւելեան այլ ժողովուրդներու երաժշտութեան զարգացման վրայ: Կոմիտասը մահացաւ 1935-ի Հոկտեմբեր 22-ին, Փարիզ: Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ:
Կոմիտասի անունով կոչուած են լարային քառեակ, Երեւանի երաժշտանոցը, կամերային երաժշտութեան տունը, պողոտայ, զբօսայգի, Ստեփանակերտի երաժշտական դպրոցը եւ այլն, արձաններ կանգնեցուած են Երեւանի, Էջմիածինի, Փարիզի մէջ եւ այլուր:
Գրականութիւն
«Ով ով է: Հայեր» հանրագիտարան, հատոր առաջին, գլխ. խմբ. Յովհ. Այվազեան, Հայկական հանրագիտարան հրատ., Երեւան 2007, էջ 569-570:
Եպս. Ժամկոչեան Ա., Կոմիտաս, Ե., 2007: