Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրաւ Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Արծաթէ Յուշադրամ

Հայաստան

Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին առիթով Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը վարդապետի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, ներկայացուց երգահանին նուիրուած արծաթէ յուշադրամը:

«Կեդրոնական դրամատունը դրամագիտական թողարկումներու միջոցով միշտ փորձած է նպաստել հայ արուեստի, մշակոյթի, գրականութեան, կրօնի ներկայացուցիչներու մեծարման ու հանրահռչակման: Մենք չէինք կրնար անմասն մնալ մեծն Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներէն»,- նշեց Կեդրոնական դրամատան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեան:

Ան աւելցուց, որ շատ խորհրդանշական է, որ Կոմիտասի ծննդեան օրն իսկ դրամատունը շրջանառութեան մէջ կը դնէ վարդապետին նուիրուած արծաթէ  յուշադրամը:

Նահապետեան Կեդրոնական դրամատան անունէն նմուշ մը նուիրեց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին եւ յոյս յայտնեց, որ ան կրնայ հարստացնել թանգարանի հաւաքածուն: