
Ես Հայաստանի Առաջին Առաջնորդն Եմ, Որ Կ՛ըսէ` Լուծումը Պէտք Է Ընդունելի Ըլլայ Նաեւ Ատրպէյճանի Համար. ՀՀ Վարչապետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը սպասէ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման իր առաջարկած բանաձեւը, ըստ որուն որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Ըստ Armenpress.am-ի` այս մասին Փաշինեան յայտնած է «Ֆոքս ԼԱ»-ի լրագրող Արաքսիա Կարապետեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
«Մենք պատրաստ ենք լուծումներ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար: Ուղերձս այն է, որ տագնապի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Ես Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին առաջնորդն եմ, որ կ՛ըսէ, թէ լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի համար: Այդ պատճառով քննադատուեցայ Հայաստանի մէջ, սակայն ատիկա կարեւոր է տագնապի խաղաղ լուծման համար: Այժմ ես կը սպասեմ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նոյնպէս ըսէ եւ ընդունի նոյն բանաձեւը»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:
Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ եթէ իր ատրպէյճանցի գործընկերը ընդունի այդ բանաձեւը, բաւական մօտ կ՛ըլլայ տագնապին խաղաղ լուծումը: