
ՊԲ-ի Մէջ Ռազմավարական Զօրավարժութիւններ Սկսած են
ՀՀ Պաշտպանութեան բանակին մէջ, Սեպտեմբեր 24-ի վաղ առաւօտէն մեկնարկած են «Զինուած ուժերու ծաւալումը, հակառակորդի յարձակման դիմագրաւումը» թեմայով ռազմավարական զօրավարժութիւնները:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ զօրախաղերու այս փուլին պաշտպանութեան բանակի զօրամասերը տագնապով բերուած են մարտական պատրաստակամութեան «ԼՐԻՒ» աստիճանի, սկսած են բացազատման շրջաններու զբաղեցման, հրամանատարական եւ ղեկավարման կէտերու ծաւալման ու կահաւորման գործընթացները: