Հայաստանի Մէջ Մեկնարկեցին Մեծածաւալ Ռազմավարական Զօրավարժութիւններ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան «Զինուած ուժերու ծաւալումը, հակառակորդին յարձակման դիմագրաւումը» թեմայով ռազմավարական զօրավարժութիւն, որուն ընթացքին կ՛օգտագործուին մեծաքանակ սպառազինութիւն եւ ռազմական սարքեր:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան վարչութենէն, զօրավարժութեան մասնակցող 1-ին զօրամիաւորման ստորաբաժանումները դուրս եկած են նախորոշուած շրջաններ եւ պատրաստ են պայմանական մարտական խնդիրներ կատարելու:

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ Հոկտեմբեր 5: