Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարը Հայաստանի Հասցէին Մեղադրանք Հնչեցուցած է

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն՝ ՄԱԿ-ի 74-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս՝ մասնակցած է «Իսլամական համագործակութեան կազմակերպութեան» (ԻՀԿ) «Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ  ուղղուած յարձակողական հարցերով շփման խումբի» ժողովին:

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ թրքական աղբիւր մը այդ մասին իմացած է Twitter-ի մէջ Չաւուշօղլուի գրութենէն, որ եղած է անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով։

Գրութեան մէջ նշուած է.

«ԻՀԿ-ի Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած յարձակողական հարցերով շփման խումբի ժողովին ընթացքին անգամ մը եւս դատապարտեցինք Հայաստանի անօրինական դիրքորոշումը»:

Չաւուշօղլի աւելցուցած է, որ այս առումով վերոնշեալ խումբը կարեւոր դեր կը  խաղայ։

Յիշեցնենք, որ թուրք պաշտօնեան՝ նշեալ խումբի նախորդ ժողովներուն ժամանակ՝ մշտապէս բարձրաձայնած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։